Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լիբանանի Վարչապետ Հասսան Տիապի Հրաժարական Տուաւ

Լիբանանի Վարչապետ Հասսան Տիապի Հրաժարական Տուաւ

by MassisPost

Բաւական  արագ զարգացումներ կը գրանցուին Պէյրութի մէջ։ Պայթումին  ձգած  հետեւանքները տակաւին  չեն  մաքրուած   մայրաքաղաքի  տարբեր շրջաններէն,  բայց  եւ այնպէսա քաղաքական ընդհանուր պրիսմակին  մէջ  եղած  զարգացումները   ցոյց կու տան,  որ   եղած  ցնցումին  կողքին  արտաքին   որոշ ուժեր կ՚ուզեն անպայման ներգործօն   դեր  մ՚ունենալ   լիբանանեան  գետինին վրայ։

Ճիշդ էր  ի դէպ, որ Լիբանանի  վարչապետ Հասսան  Տիապը  մատնուած էր  բաւական  բարդ  դրութեան  մը առջեւ,  բայց  ոչ ոք կ՚ակնկալէր,  որ  անոր հրաժարականը  այսքան   արագ     պիտի  կատարուի։

Երկու հարիւր օր Լիբանանը  կառավարած   Տիապի  կառավարութիւնը խորքին մէջ   «Հըզպալլա»ի  եւ  երկրի նախագահ  զօր. Միշէլ Աունի  կողմէ   կարեւոր ճիգ մըն էր,  որուն հիմնական միտք բանին այն էր, որ իրենք  կարող  են  երկիրը կառավարել   առանց սիւննի   մեծամասնութեան տէր հանդիսացող  Սաատ Հարիրիին։

Ու թերեւս այնքան ալ ստոյգ   պիտի չըլլայ դիտարկել, որ իրօք Տիապի  այլընտրանքը  ամբողջութեամբ  ձախողեցաւ, բայց եւ   այնպէս գետնի վրայ   լիբանանցիներ  ոչ մէկ դրական   մեծ քայլ մը տեսան   ու այդ  պատճառով ալ մնացին յուսախաբ։

Իր  ղեկավարութեան առաջին օրերուն Տիապ  հանրութեան ներկայացաւ բաւական ինքնավստահ  հայացքներով, բայց  ժամանակի  ընթացքին անոր բոլոր  մօտեցումները ու նաեւ «քաղաքական կամքը»   ջուրը ինկան …։

Ոչ նախագահ Աուն, ոչ ալ «Հըզպալլա» ուզեցին, որ  Տիապ   իր  մօտեցումները առաջ տանի ու նաեւ  եւ ամենակարեւորի բացուի  արաբական  աշխարհին։

Այդ  վիճակին հետեւանքով ալ Տիապ երկիրը տարաւ շատ աւելի վատ   վիճակի  մը, որուն հիմնական   խորագիրն էր    «Լիբանան    մեկուսացուած» է հանկերգը։  Այդ  վիճակին մէջ  էր նաեւ, որ տեղական  դրամի  անկումին, դրամատուներու  սուր տագնապին եւ  տարրական պահանջներու (ելեքդրականութիւն, ջուր)   ոչ  բաւարար  կերպով  մատակարարման  հետ մէկտեղ   Պէյրութ  ականատեսը  դարձաւ  մեծ եւ մինչեւ հիմա  ալ «անհասկնալի»   պայթումի  մը, որ մայրաքաղաքը  տակնուվրայ ընելէ բացի  խառնեց  բոլոր ջուրերը։

Տարբեր  առիթներով ըսուած է, որ  Պէյրութի  մէջ  եղած   մեծ  պայթումները  իրենց հետ կը բերեն  նոր օրակարգեր ու այսօր  Ֆրանսական  ձեռքին  երեւումը, ինչ որ տեղ  կը յուշէ, որ Լիբանան  մտած է նոր   փուլ  մը։

Փուլ մը, որ կրնայ  լրջօրէն  ճակատագրական ըլլալ, եւ շրջափուլ մը, որ կրնայ  իր հետ բերել  նոր   լուծումներու ընդհանուր  փաթեթ մը։

Ֆրանսական  առաջարկին,   Լիբանանի նեցուկ պետութեանց   խորհրդաժողովի հիւրընկալման   փաստին, ինչպէս նաեւ  նախագահ Մաքրոնի  Պէյրութ  տուած  «արբանեակային»  այցին   հետ մէկտեղ կը նկատենք, որ  նոր փուլն արդէն իսկ բացուած   կը յայտարարուի  վարչապետ  Տիապի  քաղաքական  ասպարէզէն  արագ  եւ   անկումային       հեռացումով …

Ու  եթէ  առաջիկայ  զարգացումները այս թափով շարունակուին,  ապա  բոլորին համար պարզ  պիտի դառնայ, որ   արդէն  իսկ կան պատրաստի մի քանի  սցենարներ,  որոնք  Լիբանանը  պիտի տանին  ապահով  ափ։

Անշուշտ ամենակարեւորը   զիջումներու ընտրանքներուն անսալն է, որուն մէջ գլխաւոր դերը  պիտի տրուի  արեւելքի  կամ արեւմուտքի հանդէպ որոշ «սեմբաթիներ» ունեցող լիբանեան երկու կողմերուն։

Կը ծագի  հարց,  արդեօք Լիբանանցիք  պատրաստ ե՞ն   իրական եւ անկեղծ  զիջումներու։

Սագօ  Արեան

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment