Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը կը Գօտէպնդէ Տավուշի Նաւուր Գիւղի Դպրոցը Բնագիտութեան Տարրալուծարանով

Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը կը Գօտէպնդէ Տավուշի Նաւուր Գիւղի Դպրոցը Բնագիտութեան Տարրալուծարանով

by MassisPost

2019-ին «Մէկ Գիւղ» համագործակցութիւնը (Consortium)՝ որ ծնունդ առաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ,  Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու զարգացման ծրագրի շրջանակներուն մէջ ստանձնեց Տավուշի Մարզի Նաւուր համայնքի Միջնակարգ Դպրոցի հովանաւորութիւնը։  Այս Համագործակցութիւնը՝ որուն կը մասնակցին 11 տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններ, կազմուեցաւ 2014-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով։ Համագործակցութեան առաջին առաքելութիւնն էր միասնական ուժերով օգնել Քեղարքունիք Մարզի Մարտունի գիւղին։ Իր կազմութեան օրէն ի վեր Համագործակցութիւնը եղած է գործօն։

Մայիս 2020-ին, որպէս «Մէկ Գիւղ» Համագործակցութեան մէկ անդամը, Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Նաւուրի դպրոցին նուիրուեց 1,300,000 (մէկ միլիոն երեք հարիւր հազար) դրամի արժողութեամբ բնագիտութեան տարրալուծարան, որ մեծ ոգեւորութիւն եւ աշխուժութիւն պարգեւեց ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն։

Այժմ Դպրոցի տարրալուծարանը ապահովուած է բնագիտական, ելեքտրաուժային եւ մաքնիսականութեան բաժանմունքներու գրեթէ բոլոր տեսակի փորձերու համար՝ իրենց մեթոտաբանութեան ցուցմունքներով։

Դպրոցի տնօրէնութիւնը, ուսուցիչները, աշակերտներն ու ծնողները իրենց խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնեն Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան այս հիանալի նախաձեռնութեան համար։

Մինչ օրս՝ «Մեկ Գիւղ» Համագործակցութիւնը Նաւուրի մէջ իրականացուցած է շարք մը կրթական, զարգացման եւ օգնութեան ծրագիրներ՝ ներառեալ ջրատարերի տեղադրումը, ֆութպոլի դաշտի կառուցումը եւ դպրոցի կահոյքի տրամադրումը։

Դրականօրէն արձագանքելով Հայաստանի Հանրապետության Նախագահի եւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Նախագահ Արմեն Սարգիսեանի կոչին, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը 25,000 տոլարի ներդրումով աջակցեցաւ նաեւ Սահմանամերձ համայնքները հզօրացնելու շտապ օգնութեան արշաւին:

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը հիմնադրուած է 1918-ին, որպէս Քրիստոնէական կազմակերպութիւն, իր ծառայութիւնները մատուցանելու բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքը ունին՝ առանց խտրութեան։ Աւետարանչականը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ’իրականացնէ իրագործելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ բարեսիրական ծառայութիւններ քսանչորս տարբեր երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Հայաստան եւ Արցախ։ Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել Աւետարանչականի կայքէջը www.amaa.org։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment