Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պէյրութ Դարձեալ Արիւն Եւ Արցունք Լացաւ

Պէյրութ Դարձեալ Արիւն Եւ Արցունք Լացաւ

by MassisPost

Երեքշաբթի, 4 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 6-ի շուրջ, սարսափազդու պայթում մը ցնցեց Լիբանանի մայրաքաղաքը: Պէյրութի գլխաւոր նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումը աննախադէպ էր իր գործած աւերով:

Մայրաքաղաքին կէսէն աւելին կրեց նիւթական ահաւոր վնասներ եւ մարդկային զոհեր:

Անցեալին Արեւելքի մարգարիտը համարուող Լիբանանը անգամ մը եւս յայտնուեցաւ քաոսային վիճակի մէջ, զոհելով իր զաւակները, ենթակառոյցները, ժողովուրդին բնակարաններն ու աշխատանոցները, եւ ամենավատը` պայթումը բոլորովին քանդեց լիբանանցիներուն արդէն իսկ փճացած տրամադրութիւնը եւ անոնց ունեցած նշոյլ մը յոյսը, խուճապի մթնոլորտ ստեղծելով բոլորին մօտ:

aebu-4

aebu-7

Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած ահաւոր պայթումին հետեւանքով ծանրօրէն տուժեց նաեւ Նոր Հաճըն թաղամասը, ուր վիրաւորուեցան բազմաթիւ հայորդիներ, վնասուեցան բնակարաններ, վաճառատուներ ու հաստատութիւններ: Թաղամասին մէջ գործող ՀԿԲՄ-ի դարմանատան աշխատակիցները ժամեր շարունակ ընդունեցին շրջանի բազմաթիւ վիրաւորները եւ անոնց տրամադրեցին շտապ օգնութիւն, դարմանեցին վէրքերը եւ յատկացուցին անհրաժեշտ դեղօրայք:

Պայթումին պատճառով նիւթական ծանր վնասներու ենթարկուեցան նաեւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցին եւ «Արարատ» օրաթերթի խմբագրատունը: Փշրուած ապակիներ, խլուած պատուհաններ եւ դուռեր, կոտրուած նստարաններ ու պահարաններ: Համատարած աւեր, որ կարիք ունի լայնամասշտապ համագործակցութեան, միասնական աշխատանքի եւ վերականգնման համար անհրաժեշտ համազգային ներդրումի:

beirut-4

beirut-5

Աղէտին յաջորդ օրուընէ սկսեալ, Հաճըն թաղամասի տղաքը, Հ.Մ.Մ. Պէյրութի արիները եւ տխրունիական երիտասարդները գերագոյն մղումով անցան մարդասիրական օժանդակութեան, մաքրագործութեան եւ աւերին տակէն ոտքի կանգնելու աշխատանքին: Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ, ՀԿԲՄ-ի դարմանատան, «Արարատ» օրաթերթի խմբագրատան, Հաճըն եւ Խալիլ Պատաուի թաղամասերու փշրուած ապակիները մաքրուեցան, խլուած պատուհանները վերադասաւորուեցան, անհրաժեշտ եւ անմիջական օգնութիւն մատուցուեցաւ շրջանին մէջ վնաս կրած բնակիչներուն եւ անոնց բնակարաններուն:

Լիբանանի դիմագրաւած այս մարտա հրաւէրին ի տես, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսը կոչ ուղղեց Լիբանանի հայութեան վերականգնումը կատարելու համազգային ճիգով` Հայրենիքի, Սփիւռքի գաղութներուն եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի զաւակներուն գործօն մասնակցութեամբ: Ան կոչ ուղղեց զօրակից դառնալու Լիբանանի հայութեան, որպէսզի ան կարենայ վերանորոգ կենսունա կութեամբ ու նուիրումով շարունակել իր համազգային առաքելութիւնը:

beirut-3

Միւս կողմէ, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան, պայթումին հետեւանքով վնասուած հայկական եկեղեցիներու եւ կառոյցներու կատարած այցելութիւններու ծիրէն ներս, նախանցեալ օր այցելեց նաեւ Նոր Հաճըն եւ շրջեցաւ թաղամասին մէջ, ծանօթացաւ բնակիչներուն կրած վնասներուն եւ անոնց մտահոգութիւններուն ու խնդիրներուն:

Այցելութիւններու ծիրէն ներս, երէկ Նոր Հաճըն թաղամաս այցելեց նաեւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, ընկերակցութեամբ Վեր. Հրայր Չոլաքեանի, եւ մօտէն ծանօթացաւ շրջանի վնասուած կառոյցներուն եւ բնակիչներուն հասած կորուստներուն:

beirut-8

beirut-10

Այլ գիծի վրայ, երէկ երեկոյեան, Նոր Հաճնոյ եւ Խալիլ Պատաուի թաղամասերուն մէջ տեղի ունեցաւ ուտեստեղէնի նպաստաբաշխում, կազմակերպութեամբ ՀԿԲՄ-ի վարչութեան, դարձեալ Հ.Մ.Մ. Պէյրութի արիներու եւ Ս.Դ.Հ.Կ. Տխրունի Ուս. Երիտ. Միութեան երիտասարդ- երիտասարդուհիներու ձեռամբ, որոնք թաղամասերու բնակիչներուն բաշխեցին ուտեստեղէն:

beirut-7

beirut-6

Աղէտահար քաղաք դարձած Պէյրութը այսօր անցած է ապաքինումի փուլին: Դարձեալ պահն է միասնականութեան, համազգային ուժերուն ապաւինելով ոտքի կանգնելու: Երեքշաբթի օր Պէյրութը ցնցած պայթումը սուգի մատնեց բոլորը, բայց կեանքին կառչած ժողովուրդը արդէն յաջորդ օր սկսաւ թօթափել իր վրայէն աղէտի փոշին, դարմանել իր վէրքերը, սրբել իր արցունքները, խաչակնքել եւ անցնիլ վերականգնումի գործընթացին: Այսպէս ըրին բոլոր լիբանանցիները, այսպէս ըրին բոլոր լիբանանահայերը, այսպէս ըրին նաեւ Հաճընի երիտասարդները, ՀՄՄ Պէյրութի արիները եւ տխրունիական տղաքը: Վարձքը կատար բոլոր երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն:
«ԱՐԱՐԱՏ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment