Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին, «Քորոնա» ժահրի դէպքերուն թիւը աճած է 233-ով՝ հասնելով 39 819-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան եւս 2 դէպք, հաղորդած է Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:
Այսօր՝ Օգոստոս 6-ի կեդրոնի կայքին հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած է 706-ով եւ հասած 31 556-ի:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած է 1588 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 171 600-ի:
«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 772-ի, եւս 228 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:
Մահուան դէպքերուն վերաբերեալ Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է. «Հիւանդները եղել են 82 (կին) եւ 62 (տղամարդ) տարեկան։ Վերջիններս ունեցել են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ»։
Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 7 263 մարդ: