Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քննարկուած Են Հանրակրթութեան Պետական Չափորոշիչի Եւ Առարկայական Չափորոշիչներու Նախագիծերով Առաջարկուող Փոփոխութիւնները

Քննարկուած Են Հանրակրթութեան Պետական Չափորոշիչի Եւ Առարկայական Չափորոշիչներու Նախագիծերով Առաջարկուող Փոփոխութիւնները

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որու ընթացքին քննարկուած են հանրակրթութեան պետական չափորոշիչի եւ առարկայական չափորոշիչներու նախագիծերով առաջարկուող հիմնական փոփոխութիւնները:

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար՝ Արայիկ Յարութիւնեան նշած է, որ առաջարկուող արմատական փոփոխութիւնները կ’ուղղուին, թէ ապագային ինչ քաղաքացի կը ցանկանք ունենալ: Նախարարի խօսքով՝ փոփոխութիւնները միտուած են հանրակրթութեան ոլորտին մէջ կարողութիւններու զարգացման, իսկ նոր չափորոշիչներով դպրոցներուն մէջ մեծ ուշադրութիւն պիտի տրուի բովանդակութեան:

Զեկուցուած է, որ նախագիծերով նախատեսուած է կատարել աւագ դպրոցի արմատական բարեփոխութիւն, ներդնել տիպային ուսուցում, քրետիդային (շնորհաբաշխութեամբ) համակարգ, գիւղական համայնքները ապահովել կրթութեան նոյն հնարաւորութիւնները, կիրառել ցանցային դպրոցի օրինակը եւ պետական դպրոցներու ֆինանսաւորումը կատարել առաւելագոյն ժամաքանակով: Նախատեսուած է նաեւ կազմակերպել հետազօտական աշխատանքներ, ուսուցողական այցեր եւ ընդլայնել ուսուցիչներու գործիքակազմը: Պիտի ներդրուի նախագծային պարտադիր ուսուցում 7-րդ դասարանէն, իսկ մինչեւ 5-րդ դասարանի 2-րդ կիսամեակը միաւորային գնահատում տեղի պիտի չունենայ, անբաւարար գնահատման շեմը չեղեալ պիտի համարուի:

Փոփոխութիւններու ծիրէն ներս գնահատուած են նաեւ այն 8 կարողութիւնները, որոնք կրնան նկարագրել քաղաքացիի տեսլականը դպրոցի աւարտին: Խորհրդակցութեան ընթացքին ներկայացուած են հիմնական առարկայական փոփոխութիւնները, որոնցմով պարտադիր առարկաներ սահմանուած են «Հայոց լեզու եւ գրականութիւն», «Հայոց պատմութիւն», «Մաթեմատիկա» եւ «Օտար լեզու» առարկաները:

Մշակուած է վերը նշուած փոփոխութիւնները կատարելու ճանապարհային քարտէզը: Նշուած է, որ փոփոխութիւնները քննարկուած են նաեւ հանրապետութեան 1500-էն աւելի ուսուցիչներու հետ, որոնք իրենց հերթին եւս հանդէս եկած են առաջարկութիւններով:

Զեկուցուած է նաեւ, որ դասագիրքերու փոփոխութիւնները կատարելու ուղղութեամբ քննարկումները սկիզբ կ’առնեն 2021 թուականին եւ 2022-ին կը ներդրուի ամբողջական համակարգը:

Վարչապետը կարեւորած է հանրակրթութեան որակի բարձրացման ուղղութեամբ հետեւողական բարեփոխումները եւ ընդգծած դպրոցներուն մէջ դասաւանդուող օտար լեզուներու ընդլայնման, աշակերտներու կարողութիւններու զարգացման միտուած քայլերը կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան յանձնարարած է նախագիծերը լրամշակել հանրային քննարկման արդիւնքին ներկայացուած առաջարկութիւններու հիման վրայ: «Հանրակրթութեան որակի բարձրացումն այն ամբողջութիւնն է, ինչը համապատասխանում է մեր տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմավարական պատկերացումներին»,- նշած է վարչապետը՝ կարեւորելով նաեւ հանրակրթութեան ոլորտին մէջ փոփոխութիւններու կատարումը մինչ այժմ կառավարութեան կողմէ ընդունուած ռազմավարութիւններուն համահունչ: Գործադիրի ղեկավարը յանձնարարած է նաեւ նախագիծերուն հետ կապուած տանիլ հանրային իրազեկման լայն աշխատանք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment