Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Վերջին Մէկ Օրուայ Ընթացքին Գրանցուած Է «Քորոնա» Ժահրի 52 Նոր Դէպք

Հայաստանի Մէջ Վերջին Մէկ Օրուայ Ընթացքին Գրանցուած Է «Քորոնա» Ժահրի 52 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ հետազօտուողներու ընդհանուր թիւին նկատմամբ՝ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու տոկոսային յարաբերակցութեան թիւը կը շարունակէ նուազիլ։ Երէկ՝ Օգոստոս 2-ին օրինակ, գրանցուած է «Քորոնա» ժահրի 52 նոր դէպք, կատարուած է 394 հետազօտութիւն եւ հաստատուած դէպքերը կազմած են հետազօտութիւններու 13,1 տոկոսը։

Առողջապահութեան նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժնի պետ՝ Լիլիթ Պապախանեան «Ազատութեան» մանրամասնութիւններ փոխանցեց. «Օգոստոս 3-ի առաւօտեան՝ ժամը 11-ի դրութեամբ, հաստատուել է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 39 հազար 102 դէպք, որոնցից 29 հազար 861-ն՝ առողջացած, 762-ը՝ մահուան ելքով: Հարկ է նշել, որ այսօր բաւականին քիչ դէպքեր են արձանագրուել՝ 52 նոր դէպք, եւ 111 առողջացած, բայց պէտք է հաշուի առնել, որ սրան յաջորդել են շաբաթ-կիրակին, եւ դիմելիութեան ու ինչ-ինչ պատճառներով պայմանաւորուած հետազօտութիւնները քիչ են արուում: Նաեւ ուզում եմ աւելացնել, որ այս պահի դրութեամբ բուժում են ստանում փաստացի 8 հազար 251 հիւանդ եւ կատարուել է ընդհանուր առմամբ 167 հազար 95 հետազօտութիւն: Ցաւօք, այսօր ունենք էլի մահուան դէպքեր, 8 հիւանդ մահացել է, բոլորն էլ ունեցել են քրոնիկական ուղեկցող հիւանդութիւններ»:

Եթէ դիտարկենք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հետազօտուողներու քանի՞ տոկոսի մօտ «Քորոնա» ժահր յայտնաբերուած է, ուրեմն կը տեսնենք, որ Յուլիսին՝ Յունիսի համեմատ այդ թիւը նուազած է։ Մարտ ամսուն հետազօտուողներու ընդհանուր թիւին նկատմամբ՝ վարակուածներու տոկոսային յարաբերակցութեան միջին օրական թիւը կազմած է 18,2 տոկոս, Ապրիլին՝ 9 տոկոս, Մայիսին՝ 19,5 տոկոս, Յունիսին՝ 30,2 տոկոս եւ Յուլիսին այդ թիւը կազմած է 24,5 տոկոս։

Յայտնի են Օգոստոսի առաջին երկու օրերու տուեալները, եւ այդ տուեալներուն համաձայն՝ Օգոստոսին հետազօտուողներու ընդհանուր թիւի նկատմամբ վարակուածներու տոկոսային յարաբերակցութեան միջին օրական թիւը 16,5 տոկոս է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment