Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կառավարութիւնը Օժանդակութիւն Կը Ցուցաբերէ Ճաշարաններու Ոլորտին

Կառավարութիւնը Օժանդակութիւն Կը Ցուցաբերէ Ճաշարաններու Ոլորտին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ճաշարաններու ձեռնարկատիրութեան ներկայացուցիչները:

Հանդիպման ընթացքին, քննարկուած են ոլորտի խնդիրներն ու անոնց լուծման հնարաւորութիւնները: «Ձեր նախաձեռնութիւնը մեր տնտեսութեան բոլոր ոլորտների ներկայացուցիչների հետ առաջիկայում հանդիպելու առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի աւելի տեղային կարողանանք քննարկել եւ փորձել հասկանալ, թէ ինչ կարող ենք անել, որպէսզի ոչ միայն տնտեսական ճգնաժամը յաղթահարենք, այլեւ աւելի բարձրացնենք ոլորտների, եւ ընդհանուր առմամբ, մեր տնտեսութեան մրցունակութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը: Կարծում եմ՝ նոյնիսկ ճգնաժամի պայմաններում այս օրակարգը պէտք չէ մոռանալ: Որքան նախագործունեայ լինենք ճգնաժամային իրավիճակում, որքան աւելի երկարաժամկէտ հորիզոնի նկատմամբ որոշակի քաղաքականութիւն դրսեւորենք՝ այնքան աւելի լաւ»,- նշած է վարչապետ Փաշինեան:

Այնուհետեւ ճաշարաններու ձեռնարկատիրութեան ներկայացուցիչները ներկայացուցած են իրենց մտահոգող հարցերը, «Քորոնա» ժահրի համավարակով պայմանաւորուած առաջացած խնդիրները եւ հանդէս եկած անոնց լուծման առաջարկութիւններով: Մասնաւորապէս, մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչները գոհունակութիւն յայտնած են կառավարութեան կողմէ կատարուած հակաճգնաժամային տնտեսական միջոցառումներէն եւ կարեւորած ճաշարանային ոլորտին մէջ աշխատատեղերու պահպանման ուղղութեամբ հնարաւոր օժանդակութիւնը: Անոնց խօսքով՝ անիկա կ’օգնէ, որպէսզի ոլորտը ճգնաժամէն դուրս գայ նուազագոյն կորուստներով:

Տնտեսութեան նախարար՝ Տիգրան Խաչատրեան տեղեկացուցած է, որ վարչապետի գլխաւորութեամբ՝ կառավարութեան մէջ արդէն իսկ քննարկուած է այդ հարցը եւ այժմ պատրաստման փուլին մէջ է ձեռնարկատիրութեան աշխատատեղերու պահպանման նպատակով պետական օժանդակութիւն ցուցաբերելու նախագիծը: Նախարարը մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է նախագիծին մէջ նախատեսուող օժանդակութեան մեքենականութեան վերաբերեալ:

Վարչապետը յանձնարարած է յառաջիկայ մէկ շաբթուայ ընթացքին մասնաւոր հատուածի հետ շարունակել քննարկումները նախագիծին շուրջ եւ վերջիններուս առաջարկներով զայն լրամշակել եւ ներկայացնել կառավարութեան հաստատման: Գործադիրի ղեկավարը ընդգծած է ծառայութիւններու մատուցման ոլորտի շարունակական զարգացման անհրաժեշտութիւնը եւ յորդորած ձեռնարկատիրութեան ներկայացուցիչներուն հանդէս գալ նաեւ մարզերուն մէջ ժամանակակից ճաշարաններու եւ սրճարաններու հիմնելու նախաձեռնութիւններով, որ կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ համայնքներու մթնոլորտի բարելաւման համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment