Home ՍՓԻՒՌՔ Պոլսոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակող Անձը Դատապարտուած Է 1 Տարի 4 Ամսուայ Ազատազրկման

Պոլսոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակող Անձը Դատապարտուած Է 1 Տարի 4 Ամսուայ Ազատազրկման

by MassisPost

Մայիսի վերջին, Սկիւտար թաղամասը գտնուող հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ վրայ յարձակում կատարող Մազլում Սերինը դատապարտուած է 1 տարի 4 ամսուայ ազատազրկման: Այս մասին յայտնած է «Ակօս» պարբերականը:

Եկեղեցւոյ արտաքին տեսախցիկը արձանագրած էր, թէ ինչպէս Սերինը մօտեցած էր շէնքին, որոշ ժամանակ նայած դրան, ապա մագլցելով դրան վրայ պոկած տեղադրուած խաչը, զայն նետած գետին ու հեռացած։

Ոստիկանութիւնը յայտնաբերած ու ձերբակալած էր կասկածեալին, բայց կարճ ժամանակ ետք ան ազատ արձակուած էր: Դատախազութեան առարկութենէն յետոյ, այդուհանդերձ, Սերինը կալանաւորուած էր: Մեղադրանք առաջադրուած էր «աղօթատեղերուն եւ գերեզմաններուն վնաս պատճառելու» յօդուածով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment