Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրամփի Վերընտրութիւնը Մեծ Հարցականի Տակ

Թրամփի Վերընտրութիւնը Մեծ Հարցականի Տակ

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն մնացած է մօտ երեք ամիս: Նոյեմբեր 3-ին կայանալիք ընտրութիւնները ճակատագրական են Ամերիկայի ժողովուրդին համար, որ վերջին չորս տարիներու ընթացքին ականատես եղաւ ու կրեց հետեւանքները անհաւասարակշիռ առաջնորդի մը քաոսային կառավարման:

Վերջին ամիսներուն հրապարակուած հանրային կարծիքի բոլոր հարցախոյզերը, առանց բացառութեան ցոյց կու տան Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու, նախկին փոխ-նախագահ Ճօ Պայտընի ունեցած առաւելութիւնը՝ նախագահ Տանոլտ Թրամփի նկատմամբ:

Այս օրերուն հրապարկուող հարցախոյզերուն համաձայն, Ճօ Պայտըն ունի 8-էն մինջեւ 13 տոկոսի առաւելութիւն, իսկ անոնց միջինը, կը կազմէ՝ 9 տոկոս: Նախագահ Թրամփ եւ իր ընտրարշաւի պատասխանատուները կը մերժեն այս թիւերու իրաւացիութիւնը ու կը բողոքեն, որ այդ թիւերը կեղծ են ու կ՛օգտագործուին իրենց համակիրները բարոյազրկելու եւ քուէատուփերէն հեռու պահելու համար: Անոնք կը յիշեցնեն որ, նոյն այդ հարցախոյզերը կանխատեսած էին Թրամփի պարտութիւնը 2016-ի ընտրութիւններուն եւս, սակայն բոլորը տեսան թէ վերջաւորութեան ինչ եղաւ:

Միւս կողմէ սակայն, վերլուծաբաններն ու հարցախոյզերու մասնագէտները կը մատնանշեն որ, 2016-ի կանխատեսումները մեծ մասամբ ճիշդ դուրս եկան, ի բացառեալ երեք նահանգներու՝ Փենսիլվանիայի, Միշիկընի եւ Ուիսքանսընի մէջ, որոնք պատմականօրէն կը քուէարկէին Դեմոկրատ թեկնածուներուն, սակայն չկողմնորոշուած քուէարկողներու մեծ մասը վերջին օրերուն որոշեցին իրենց ձայնը տալ Թրամփին, ու ան շատ չնչին առաւելութեամբ տիրացաւ այդ երեք նահանգներու ընտրական ձայներուն՝ այդպիսով դառնալով նախագահ:

Ինչ կը վերաբերի ընդհանուր Ամերիկայի մէջ ժողովրդային ձայներուն, մասնագէտները դիտել կու տան որ, նախորդ ընտրութիւններէն անմիջապէս առաջ Հիլլարի Քլինթընի ունեցած առաւելութիւնը 3.3 տոկոս էր եւ ան յաղթեց 2.1 տոկոսով: Սակայն, ինչպէս ծանօթ է, նախագահները կ՛ընտրուին ոչ թէ ժողովրդային ձայներով, այլ նահանգներու ընտրական ձայներով եւ այն թեկնածուն որ կը ստանայ 270 ընտրական ձայն կը դառնայ նախագահ:

Քաղաքական մեկնաբանները նաեւ դիտել կու տան որ, 2016-ի հարցախոյզերուն եւ այսօրուայ միջեւ կան էական տարբերութիւններ: Չորս տարի առաջ հարցախոյզերը Քլինթընի ձայները կը նախատեսէին մօտ 46 տոկոս՝ առանց երբէք անցնելու 50 տոկոսի սահմանագիծը, նկատի ունենելով որ, կային փոքր կուսակցութիւններու թեկնածուներ, որոնք 3-5 տոկոս համակիրներ ունէին: Ներկայիս, բազմաթիւ հարցախոյզերու մէջ Պայտընի կը վայելէ 50 տոկոսէն աւելի վստահութիւն:

Հարցախոյզերը նաեւ ցոյց կու տան որ, Թրամփ ետ է ոչ միայն այն երեք նահանգներուն մէջ, որոնք զինք հասցուցին նախագահութեան, այլ եւ ետ է կամ հաւասար բազմաթիւ նահանգներու մէջ, որոնք աւանդականօրէն կը քուէարկեն Հանրապետականներուն ի նպաստ: Այդ նահանգներու շարքին են Ֆլորիտան, Թեքսասը, Արիզոնան, Ճորճիան եւ Օհայոն:

Թրամփի համար մտահոգիչ այս թիւերը կապուած են նաեւ «Քորոնա» ժահրի ունեցած ազդեցութեան հետ: Եթէ նախքան համաճարակը տնտեսութիւնը կը նկատուէր ընտրողներու համար գլխաւոր հարցը, այժմ առողջապահութիւնը դարձած է առաջնահերթութիւն: Համաճարակի առաջքը առնելու կապակցութեամբ ժողովուրդի միայն 36 տոկոսը կը վստահի Թրամփին եւ մեծամասնութիւնը համոզմունք կը յայտնէ, որ Պայտըն աւելի լաւ ձեւով պիտի կարողանայ յաղթահարել այս տագնապը, որ մինչեւ օրս խլած է մօտ 150 հազար ամերիկացիներու կեանքը:

Թրամփ նաեւ հող կորսնցուցած է երէց քաղաքացիներու, արուարձաններու մէջ ապրող միջին դասակարգի կանանց, բարձրագոյն կրթութիւն ունեցողներու եւ նոյնիսկ հաւատացեալ Աւետարանականներու մօտ, որոնք կը նկատուէին իր գլխաւոր յենարանը: Թրամփ կը պահէ իր ունեցած առաւելութիւնը անոնց մօտ, որոնք չունին համալսարանական կրթութիւն:

Տնտեսութիւնը, որ ցարդ կը նկատուէր գործող նախագահի գլխաւոր խաղաքարտը, հոն եւս Պայտընի եւ Թրամփի նկատմամբ վստահութիւնը այժմ գրեթէ հաւասար է:

Այս բոլոր տուեալներու հիման վրայ, Տանոլտ Թրամփին կը սպասեն դժուար օրեր եւ շատ կարճ ժամանակ մնացած է հանրային կարծիքի մօտ կտրուկ փոփոխութիւն յառաջացնելու համար: Միւս կողմէ սակայն, վերջին ամիսներուն կրնան պատահել չնախատեսուած այնպիսի իրադարձութիւններ եւ կամ անակնկալ զարգացումներ, ինչպէս օրինակ ՚Քորոնաՙ ժահրի պատուաստի յայտնաբերումը, անգործութեան ցուցնիշերու բարելաւումը, եւ կամ Պայտընի կողմնակիցներու քուէարկութեան չներկայանալը, որոնք կրնան ազդել վերջնական արդիւնքներուն վրայ, այլապէս Թրամփի վերընտրութիւնը կը մնայ մեծ հարցականի տակ:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment