Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դրական Եղած է Երէկ Կատարուած Հետազօտութիւններու 16,6 Տոկոսը

Դրական Եղած է Երէկ Կատարուած Հետազօտութիւններու 16,6 Տոկոսը

by MassisPost

Վերջին օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահր հաստատուած է 308 մարդու մօտ: Դրական եղած է երէկ՝ Յուլիս 28-ին կատարուած 1853 հետազօտութիւններու 16,6 տոկոսը: Ասիկա վերջին ամիսներուն լաւագոյն ցուցանիշն է:

Նախորդ շաբթուայ ընթացքին, «Քորոնա» ժահր հաստատուած էր հետազօտուողներու 20-25 տոկոսին մօտ: Աւելի վաղ այս ցուցանիշը կը հասնէր 30 եւ աւելի տոկոսի:

Առողջապահութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար՝ Ալինա Նիկողոսեանի խօսքով, այս դրական միտումը հակահամաճարակային կանոններուն հետեւելուն արդիւնքն է. – «Վերջին մի քանի ամսուայ ընթացքում սկսել ենք աւելի զգօն լինել, եւ ես յոյս ունեմ, որ էս ընթացքը շարունակուելու է»:

Ընդհանուր առմամբ՝ Հայաստանի մէջ մինչեւ օրս հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի 37937 դէպք: Ինչպէս նախորդ շաբթուայ ընթացքին, երէկ եւս առողջացածներու թիւը կը գերազանցէ վարակուածներունը: Քովիտը յաղթահարողներու թիւը նախորդ օրը աւելցած է 467-ով: Վարակը արդէն յաղթահարած է 27824 մարդ: Այս պահուն հիւանդութենէն փաստացի կը բուժուի 9165 անձ:

Ալինա Նիկողոսեան. – «Փաստացի բուժուողների թիւը կրկին օրեցօր կարծես թէ նուազում է»:

Առողջապահութեան նախարարութեան փոխանցումով, երէկ՝ «Քորոնա» ժահրէն մահացած է 64-էն 84 տարեկան չորս մարդ, անոնք բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ: Մահացածներու ընդհանուր թիւը հասած է 723-ի:

«Նախորդ օրը արձանագրուել է մահուան 2 դէպք, երբ հիւանդների մօտ հաստատուել է վարակը, սակայն մահը վրայ է հասել այլ հիւանդութեան պատճառով», – աւելցուց Նիկողոսեան` նշելով նաեւ, որ չնայած վարակի տարածման առումով դրական միտումներուն, ծանր եւ ծայրայեղ ծանր հիւանդներու թիւի էական փոփոխութիւն չկայ. – «Վերջին մէկ ամսուայ ընթացքում ծանր եւ ծայրայեղ ծանր հիւանդների թիւը ընդհանուր առմամբ մէկ հարիւրին մօտ է, ոչ աւելանում է, ոչ էլ պակասում է էս պահին: Քանի դեռ նուազում չունենք, չենք կարող ասել, որ դրական տեղաշարժ կայ»:

Ծանր ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուող հիւանդները հիմնականօրէն կը բուժուին «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոն, որու փոխ տնօրէն Պետրոս Մանուկեան «Ազատութեան» հետ զրոյցին այսօր նշեց, որ որոշակի դրական փոփոխութիւն կայ: Անոր խօսքով, եթէ նախապէս իրենց հիւանդանոցին մէջ մարդոց տեղաւորելու խնդիր կար, ապա այժմ մահճակալներու 15-20 տոկոսը ազատ են:

«Ինչքան ծանր եւ ծայրայեղ ծանր հիւանդների թիւը քիչ է լինում, այնքան մահերի թիւը քիչ կը լինի: Վստահ կարող եմ ասել, որ առաջիկայում է’լ աւելի կը նուազի մահերի թիւը` պայմանաւորուած, որ ծանր դէպքերն իրականում նուազում են», – ըսաւ Մանուկեանը:

Անոր կարծիքով, «Քորոնա» ժահրը յաւերժ չի կրնար շրջանառուիլ ու նոյնքան աշխոյժ մնալ:

Երէկուայ տուեալներով Հայաստանի մէջ ծանր վիճակի մէջ է «Քորոնա» ժահրով 453 հիւանդ, 81 մարդ՝ ծայրայեղ ծանր, 26 մարդու միացուած է թոքերու արհեստական օդափոխութեան սարք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment