Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յուլիսեան Յաղթական Մարտերէն Յետոյ Մեր Դիրքը Ամրապնդուած է. Նիկոլ Փաշինեան

Յուլիսեան Յաղթական Մարտերէն Յետոյ Մեր Դիրքը Ամրապնդուած է. Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

Կեդրոնական զինուորական հիւանդանոցին մէջ այսօր՝ Յուլիս 23-ին, մահացած է Տաւուշի սահմանին գլխուղեղային ծանր վիրաւորում ստացած ժամկէտային զինծառայող, 19-ամեայ շարքային Արթուր Մուրատեանը:

Ան վիրաւորում ստացած էր Յուլիս 14-ին: Առողջական վիճակը ի սկիզբէն գնահատուած էր ծայրայեղ ծանր, հիւսիսարեւելեան սահմանին Յուլիս 12-ին սկսած մարտական գործողութիւններու հետեւանքով զոհուեցաւ  5 զինծառայող։

Այսօր կառավարութեան նիստի մեկնարկին վարչապետ Փաշինեան քանի մը արձանագրումներ ըրաւ յուլիսեան մարտերու ու անոնց հետեւանքներու վերաբերեալ:

Այն դիրքերը, որոնք դարձած են վերջին երկու շաբթուայ իրադարձութիւններու կիզակէտը, կը գտնուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ, եւ Հայաստանին ուղղուած Ատրպէյճանի մեղադրանքները, իր դէմ  յարձակելու վերաբերեալ, պարզապէս անհեթեթութիւն են, յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան:

«Սահմանին տեղի ունեցած դէպքերի արդիւնքում Ատրպէյճանում ներքաղաքական անկայուն վիճակ է ստեղծուել, ինչն այդ երկրի ղեկավարութեանը ստիպում է դիմել նորանոր սադրանքների ներքին դժգոհութեան ներուժը Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ուղղորդելու համար», – ըսաւ վարչապետը:

Ըստ Փաշինեանին, հայկական կողմը ամրացուց դիրքերը սահմանագծին վրայ, մերժեց ուժի սպառնալիքը դիւանագիտական սեղանին շուրջ, վերահաստատեց տարածաշրջանի ամենամարտունակ եւ ամենախելացի բանակի համարումը։ Վարչապետը շեշտեց, որ անցնող օրերուն Հայաստանը միջազգային համայնքի առջեւ պատասխանատու պահուածք ցուցաբերեց, հաւատարիմ մնաց կրակի դադրեցման երեք պայմանաւորուածութիւններուն, որոնք կը խախտուէին Ատրպէյճանի կողմէ:

«Մենք հանդէս չեկանք Ատրպէյճանի ժողովրդին եւ նրա քաղաքացիական ենթակառուցուածքներին ուղղուած սպառնալիքներով անգամ այն պայմաններում, երբ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը սպառնում էր հրթիռակոծել Մեծամորի աթոմակայանը: Այս սպառնալիքն, ի դէպ, պէտք է դառնայ լրջագոյն միջազգային քննութեան առարկայ, որովհետեւ ի ցոյց է դնում ահաբեկչական պետութիւն լինելու Ատրպէյճանի էութիւնը», – յայտարարեց Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը:

Հրադադարի վերականգնման գործով մեծ ներդրում ունին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները եւ անոնց երկիրները: Նիկոլ Փաշինեան յատկապէս արդիւնաւէտ կը համարէ Ռուսաստանի Դաշնութեան ներգրաւումը Արտաքին գործոց նախարարութեան Զինուած ուժերու Գլխաւոր մարմիններու մակարդակով:

«Միակ երկիրը, ով փորձում էր ոչ թէ հանդարտեցնել իրավիճակը, այլ բռնութիւններ հրահրել՝ Թուրքիան էր», – յայտարարեց վարչապետը՝ ընդգծելով, – «Թուրքիայի այս գործելակերպը մեծ հաշուով անակնկալ չէր: Բայց նրա  յարձակողականութեան աճը առաջ է բերում մեր քաղաքականութեան որոշակի վերանայման անհրաժեշտութիւն, այդ թուում՝ Թուրքիայի յարձակողականը զսպելու միջազգային ձեւաչափերում մեր մասնակցութեան ծաւալների իմաստով»:

Հայաստան-Արցախ ընդհանուր անվտանգութեան համակարգը պէտք է ա՛լ աւելի ամրապնդուի, Արցախը պէտք է դառնայ բանակցութիւններու լիարժէք կողմ եւ Ատրպէյճանը հրապարակայնօրէն հրաժարի ուժ կիրառումէ, Փաշինեանը շարադրեց հայկական կողմի դիրքորոշումը, յուլիսեան մարտերէն յետոյ:

«Բանակցութիւններն իմաստ ունեն, եթէ Ատրպէյճանը պատրաստ է յետ կանգնել իր մաքսիմալիստական մօտեցումից եւ պատրաստ է փոխզիջման: Առանց որեւէ սահմանափակման Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը, Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեան անվտանգութիւնը չեն կարող զիջուել որեւէ պարագայում», – ըսաւ վարչապետը:

Այս օրերուն Ատրպէյճանը թիրախաւորեց նաեւ սահմանամերձ բնակավայրերը, կրակի տակ դնելով խաղաղ բնակչութիւնը: Ըստ վարչապետին, Ատրպէյճանին զէնք մատակարարող երկիրները պէտք է յստակ գիտակցին, որ այդ զէնքի օգտագործումը խաղաղ բնակչութեան դէմ յանցագործութիւն է:

«Այնպիսի տպաւորութիւն է ստեղծուում, որ Հայաստանի Զինուած ուժերի եւ խաղաղ բնակչութեան դէմ կռուում է ոչ թէ Ատրպէյճանը, այլ օտարերկրեայ գերճշգրիտ մահաբեր զինատեսակներ արտադրող միջազգային ընկերութիւնները՝ իրենց մասնագէտներով հանդերձ», – աւելցուց Նիկոլ Փաշինեան:

Հակամարտութեան գօտին ապրող մարդոց խնդիրները պէտք է դառնան բանակցային օրակարգի առաջնային մաս, ընդգծեց Փաշինեան, իսկ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման նպատակով Հայաստանը պիտի շարունակէ աշխատիլ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ: «Մերժել եւ մերժելու ենք հակամարտութեան շահարկմամբ տարածաշրջանը ապակայունացնելու Թուրքիայի փորձերը», – ըսաւ վարչապետը:

Վարչապետը նշեց. «Անհրաժեշտ է ներդնել արդիւնաւէտ միջազգային մշտադիտարկում, որը լինի մշտական եւ ունենայ ստուգողական մեքենականութիւն, որոնք կ’արձանագրեն, թէ երբ եւ որ կողմն է խախտել հրադադարը»:

Ըստ Փաշինեանին, նման մշտադիտարկում կրնայ կատարել ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի գրասենեակը, որ ունի տարածաշրջանին մէջ տարիներու փորձառութիւն, զինուորականներու միջեւ այնտեղ ուղիղ կապը նոյնպէս կրնայ արդիւնաւէտ գործիք դառնալ միջադէպերը կանխելու ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment