Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 442-ով, Գրանցուած է Մահուան 13 Նոր Դէպք

«Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 442-ով, Գրանցուած է Մահուան 13 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 442-ով՝ հասնելով 34001-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 13 նոր դէպք, հաղորդած է Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Այսօր՝ Յուլիս 17-ի ժամը 11-ի սահմաններուն, կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 561-ով եւ հասած 22492-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած է 1704 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 143114-ի:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 620-ի, եւս 197 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 10692 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment