Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան. Ատրպէյճանը Չի Կրնար Ստիպել Մեզի Չհիմնաւորուած եւ Միակողմանի Զիջումներու Երթալ

Փաշինեան. Ատրպէյճանը Չի Կրնար Ստիպել Մեզի Չհիմնաւորուած եւ Միակողմանի Զիջումներու Երթալ

by MassisPost

Աշխատանքային այցով Պելառուսիա գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մինսքի մէջ մասնակցած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստին, յայտնած են կառավարութեան աշխատակազմէն:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ Հայաստանի մէջ համաճարակաբանական իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր, չնայած որոշ յուսադրող թիւերու, որոնք վերջին օրերուն յայտնուած են մեր վիճակագրութեան մէջ: «Համավարակը իսկապէս բացասաբար է անդրադարձել մեր կեանքի բոլոր կողմերի վրայ:

Այսօր այս դժուարութիւններն այս կամ այն չափով զգում են աշխարհի բոլոր երկրներն առանց բացառութեան: Աւելի քան ակնյայտ է, որ համավարակի դէմ պայքարի եւ դրա արդիւնքում առաջացած տնտեսական ճգնաժամի դէմ յաջող պայքարի համար կարեւոր նախապայման է խաղաղութեան պահպանումը եւ զինուած հակամարտութիւնների դադարեցումը:

Այս առումով չեմ կարող չանդրադառնալ մի թեմայի, որը կենսական նշանակութիւն ունի մեզ համար եւ մեր տարածաշրջանում կայունութեան պահպանման համար:

Ինչպես գիտէք, Ատրպէյճանը, անտեսելով համավարակի պայմաններում զինուած բախումների դադարեցման բազմաթիւ կոչերը, այդ թուում՝ Ապրիլ 14-ի Բարձրագոյն Եւրասիական տնտեսական խորհրդի համատեղ յայտարարութիւնը եւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի Մարտ 23-ի յայտարարութիւնը, սանձազերծեց ռազմական գործողութիւններ Հայաստանի սահմանի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ: Հայաստանի զինուած ուժերը չէին կարող չպատասխանել Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւններին», – նշած է ՀՀ վարչապետը` աւելցնելով, որ սադրանքները կը շարունակուին առայսօր` նպաստելով լարուածութեան պահպանման եւ իրավիճակի անկանխատեսելիութեան:

«Ատրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութիւնը, որն ուղղուած է տարածաշրջանում լարուածութեան սրմանը, ոչ մի տեղ չի տանում: Նա չի կարողանայ կոտրել մեր ժողովրդի վճռականութիւնը եւ ստիպել մեզ չհիմնաւորուած եւ միակողմանի զիջումների գնալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցում: Հակամարտութեան ուժային լուծում գոյութիւն չունի, եւ խաղաղ բանակցութիւնները չունեն այլընտրանք, ինչը համապատասխանում է մեր տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդների շահերին», – նկատել տուած է Փաշինեան:

Նիստի ընթացքին քննարկուած է եւրասիական միաձուլման հարցերու լայն շրջանակ, առեւտուրի, ներքին շուկայի գործունէութեան, մրցակցութեան, արդիւնաբերութեան, արդիւնաբերական կարգաւորման եւ այլ ոլորտներուն վերաբերող թեմաներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment