Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուսաստանը Շարք մը Քայլեր Ձեռնարկած է Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանի Բախումները Դադրեցնելու Համար. Լաւրով

Ռուսաստանը Շարք մը Քայլեր Ձեռնարկած է Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանի Բախումները Դադրեցնելու Համար. Լաւրով

by MassisPost

Ռուսաստան արդէն իսկ շարք մը քայլեր ձեռնարկած է  հայ-ատրպէյճանական սահմանի բախումները դադրեցնելու, իրավիճակը կայունացնելու ուղղութեամբ, ըստ Ռուսաստանի հայերու միութեան, այդ մասին ըսած է արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրովը, միութեան ղեկավար՝ Արա Աբրահամեանի հետ հանդիպումի ժամանակ:

Ըստ հաղորդագրութեան, հանդիպումը կայացած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ: Արա Աբրահամեան ահազանգ հնչեցուցած է Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ ղեկավարութեան սադրիչ յայտարարութիւններու եւ սպառնալիքներու կապակցութեամբ, ընդգծելով, որ անոնք ուղղուած են տարածաշրջանի իրավիճակի ապակայունացման: Լաւրով ի պատասխան նշած է, որ Ռուսաստանը, որպէս տարածաշրջանի անվտանգութեամբ ու խաղաղութեամբ շահագրգռուած պետութիւն, շարք մը քայլեր ձեռնարկած է, իրավիճակի կայունացման ուղղութեամբ: Թէ ինչ քայլերու մասին է խօսքը, հաղորդագրութիւնը չէ մանրամասնած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment