Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը, Աթոմակայանը Հրթիռակոծելու Ատրպէյճանի Սպառնալիքները, Կ’որակէ Պետական Ահակեբկչութիւն

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը, Աթոմակայանը Հրթիռակոծելու Ատրպէյճանի Սպառնալիքները, Կ’որակէ Պետական Ահակեբկչութիւն

by MassisPost

«Այն գործողութիւնները, որոնցով Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը սպառնում է, հանդիսանում են միջազգային  մարդասիրական մարդու իրաւունքի եւ, մասնաւորապէս, Ժընեւեան  համաձայնագիրի առաջին լրացուցիչ արձանագրութեան աղաղակող խախտում: Նմանօրինակ սպառնալիքները պետական ահաբեկչութեան ուղղակի դրսեւորում են եւ արտայայտում են Ատրպէյճանի ցեղասպան մտադրութիւնները: Աւելին, Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը նման յայտարարութիւններով հանդէս է գալիս որպէս սպառնալիք տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդների, այդ թուում՝ սեփական ժողովրդի համար», – ըսուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցին, թէ այս պահուն Հայաստանի ԱԳՆ-ը ինչ քայլեր կը ձեռնարկէ պաշտօնական Պաքուի կողմէ հնչեցուած սպառնալիքի ուղղութեամբ՝ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ՝ Աննա Նաղտալեան ըսաւ, որ նախարարութիւնը գործի պիտի դնէ իր ողջ գործիքակազմը։

Նշենք, որ Հայաստանը կը հանդիսանայ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան անդամ, եւ արտաքին գերատեսչութիւնը այս կառոյցին, ամենայն հաւանականութեամբ, նոյնպէս կը դիմէ։

«Այս պահի դրութեամբ կարող եմ պարզապէս յաւելել, որ հարցի առնչութեամբ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը գործի է դնելու իր մօտ առկայ ողջ գործիքակազմը։ Ցաւօք սրտի, ելնելով որոշակի սահմանափակումներից, չեմ կարող առաւել մանրամասներ տրամադրել», – ըսաւ Նաղտալեան։

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակի սպառնալից յայտարարութեան անդրադարձած է նաեւ Պաշատպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան, զայն որակելով յանցագործութիւն. – «Ես շատ ուրախ եմ, որ մեր քաղաքական գործիչները, դիւանագիտական մարմինը, պաշտօնեաներն արդէն այս հարցը բարձրացնում են համապատասխան մարմիններում, որովհետեւ սա շատ կարեւոր եզրակացութեան տեղիք պիտի տայ։ Սա յստակ յանցագործութիւն է»:

Տարածքային կառավարման փոխ նախարար Յակոբ Վարդանեան, որ կը համակարգէ ուժանիւթի ոլորտը, «Ազատութեան» հետ զրոյցին, ի պատասխան հարցին, թէ որքանով աթոմակայանը պաշտպանուած է հնարաւոր հրթիռակոծութենէ, ըսաւ, որ այդ հարցը պէտք է ուղղել Պաշտպանութեան նախարարութեան. – «Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պէտք է ասի` արդեօ՞ք դա հնարաւոր է, կարո՞ղ են իրենց հրթիռները հասնել աթոմակայանի, թէ՞ ոչ: Բայց այնուամենայնիւ, եթէ հասնեն, աթոմակայանը չունի նման համակարգեր, որ կարողանայ դիմակայել հրթիռային յարձակման… Իսկ դա կախուած է, թէ հրթիռը աթոմակայանի որ տեղին կը հարուածի, դրանից է կախուած աղէտի կամ վթարի չափը ինչքան կը լինի: Աթոմակայան ասելով, ուզում եմ հասկանանք, որ ինքը 200 հեկտարի վրայ գտնուող մեծ համալիր է: Բնականաբար, եթէ հարուածը լինի հիւլէական կառոյցին, մենք շատ ծանր հետեւանքներ կ’ունենանք»:

Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի ուժանիւթի ոլորտին մէջ ազգային փորձագէտ Արա Մարճանեան «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընդգծեց, որ շատ կարեւոր է, որ Հայաստանը միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրէ հայկական աթոմակայանը խոցելու մասին Ատրպէյճանի վտանգաւոր յայտարարութեան վրայ: Ան պէտք է խստօրէն դատապարտուի միջազգային բոլոր կառոյցներէ, անոնց կարգին` Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան կողմէ։

Անդրադառնալով աթոմակայանը խոցելու հնարաւորութեան, փորձագէտը զայն հաւանական չի համարեր` ընդգծելով, որ Մեծամորի աթոմակայանը կը գտնուի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու պաշտպանութեան ներքոյ. – «Բացի դրանից, Արարատեան դաշտավայրը եւ աթոմակայանը գտնուում են S-300V ցուցանիշով հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգի հովանու ներքոյ: Այնպէս որ, այդ տեսանկիւնից Հայաստանը բաւական շահեկան դիրքում է: Մինչեւ հասնելը աթոմակայան այդ բոլոր միջոցները երաշխաւորուած կը խոցուեն: Անհաւանական տարբերակի դէպքում, եթէ աթոմակայանին մի բան պատահի, դեռ յայտնի չէ, թէ որ երկիրը աւելի շատ կը տուժի»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment