Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրդողանը Մեղադրած է Հայաստանը «Քաղաքացիական Բնակչութեան Վրայ Յարձակումներու Մէջ»

Էրդողանը Մեղադրած է Հայաստանը «Քաղաքացիական Բնակչութեան Վրայ Յարձակումներու Մէջ»

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այսօր կրկին խօսած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին լարուածութեան թեմայով։ Ուրբաթօրեայ նամազէն յետոյ պատասխանելով լրագրողի հարցին, Էրտողան Հայաստանը «գրաւող» կոչած է։

«Մինսքի եռեակը արդէն 25-30 տարի է այս հարցը առանց լուծման թողած է, չէ կարողացած լուծել։ Պարզ էր, որ իրավիճակը նման զարգացումներու պիտի յանգէր», – նշած է Թուրքիոյ նախագահը՝ հայկական կողմին մեղադրելով «քաղաքացիական բնակչութեան վրայ յարձակումներու մէջ»։

Կրկնելով աւելի վաղ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն յայտնած անվերապահ աջակցութեան խոստումները՝ Էրտողան նշած է, որ կապի մէջ է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, իսկ նախօրէին ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը հանդիպած է Թուրքիոյ Զինուած Ուժերու բարձր ղեկավարութեան հետ։

«Կովկասեան ազատամարտի ժամանակներու նման այսօր ալ Ատրպէյճանի եւ մեր ատրպէյճանցի եղբայրներու կողքին ենք ու կ’ըլլանք»,-յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը։

Յուլիս 12-ին հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ սկիզբ առած արիւնալի բախումներու ընթացքին Թուրքիոյ նախագահը առաջին անգամ չէ, որ նման բնոյթի յայտարարութեամբ հանդէս եկած է: Պաշտօնական Երեւանը հակադարձած է Անքարային դատապարտող յայտարարութիւններով:

Թուրքիոյ կողմնակալ եւ սադրիչ կեցուածքը լուրջ վնաս կը հասցնէ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, մասնաւորապէս յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ շեշտելով. – «21-րդ դարում Թուրքիան մեր տարածաշրջանի հանդէպ քաղաքականութիւնը կառուցում է ցեղային ընդհանրութիւնների եւ Հայոց ցեղասպանութեան արդարացման եւ այդ յանցանքի անպատժելիութեան աւանդոյթների վրայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment