Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ալիեւի Խօսքով` Պաքուն Պատրաստ Է Շարունակել Առարկայական Բանակցութիւնները

Ալիեւի Խօսքով` Պաքուն Պատրաստ Է Շարունակել Առարկայական Բանակցութիւնները

by MassisPost

«Ատրպէյճանը պատրաստ է Հայաստանի հետ բանակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ, սակայն այդ բանակցութիւնները պէտք է առարկայական բնոյթ կրեն», – յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւը՝ երկրի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար՝ Ճեյհուն Պայրամովի հետ զրոյցի ընթացքին։

«Մեր հիմնական գործունէութիւնը պէտք է ուղղուի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման։ Այդ ազգային խնդիր է։ Անոր հետ մէկտեղ պէտք է յստակօրէն արձանագրել, որ Ատրպէյճանի տեսակէտը կը շարունակուի անփոփոխ մնալ։ Լեռնային Ղարաբաղը մեր պատմական տարածքն է, եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է վերականգնուի», – յայտարարած էր Ալիեւը, աւելցնելով, թէ Պաքուն այլեւս բանակցութիւններու կրկնօրինակութիւններով  պիտի չզբաղի։

«Անիմաստ տեսակապով ժողովներ տեղի պիտի չունենան։ Ամէն ինչ պէտք է իմաստ ունենայ։ Ես արդէն ըսած եմ, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի գործունէութիւնը պէտք է շատ աշխոյժ բնոյթ կրէ եւ չսահմանափակուի միայն շփման գծի  մշտադիտարկումով , այլեւ միտուած ըլլայ առարկայական բանակցութիւններու ապահովման», -յայտարարած էր Ատրպէյճանի նախագահը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment