Ընթերցողի սեղանին է «Մասիս» շաբաթաթերթի նախկին երկարամեայ խմբագիր՝ Տոքթ. Արշակ Գազանճեանի գրիչով տարիներու ընթացքին լոյս տեսած առաջնորդող յօդուածներու հաւաքածոն:
«Մեր Դիտանկիւնէն» խորագիրը կրող 500 էջերէ բաղկացած հատորին մէջ խտացուած մեր ազգային ու հայրենական կեանքի առօրեայ մտահոգութիւններուն եւ անոնց շուրջ «Մասիսի» եւ զայն հովանաւորող ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան տեսակէտներն ու դիրքորոշումները:
Տարբեր ժամանակներուն լոյս տեսած գրութիւններն ու քաղաքական մեկնաբանութիւնները կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը եւ շատ յաճախ կը ներկայացնեն պատմականը մեր համայնքային կեանքին:
Գրքի նախաբանին մէջ Արշակ Գազանճեան մտաւորականի ու խմբագիրի վաստակին մասին իրենց վկայութիւնները արձանագրած են սփիւռքահայ ծանօթ մտաւորականներ եւ յօդուածագիրներ:
Հատորի խմբագրական աշխատանքները իրականացուցած ու զայն հրատարակութեան պատրաստած է իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեան:
Ծրագրուած էր գրքի շնորհանդէս-գինեձօնը կազմակերպել Մայիսին, սակայն համավարակի պատճառաւ ստեղծուած արտակարգ իրավիճակները ստիպեցին որ միջոցառումը առայժմ յետաձգուի: