Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 339-ով, Բուժուածներունը՝ 864-ով, Գրանցուած է Մահուան 8 Դէպք

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 339-ով, Բուժուածներունը՝ 864-ով, Գրանցուած է Մահուան 8 Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուան ընթացքին, «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 339-ով՝ հասնելով 32490-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան եւս 8 դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Յուլիս 14-ի, ժամը 11-ին, կեդրոնի կայքին հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած է 864-ով եւ հասած է 20729-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած է 1115 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասած է 136802-ի:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 581-ի, եւս 184 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 10996 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment