Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Թուրքիան Մեղադրած է Սադրիչ Կեցուածքի եւ Միջամտութեան Մէջ

Հայաստանը Թուրքիան Մեղադրած է Սադրիչ Կեցուածքի եւ Միջամտութեան Մէջ

by MassisPost

Յուլիս 12-ին, Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, որմով ոչ միայն իր երկրի անվերապահ աջակցութիւնը յայտնած է Ատրպէյճանին, փաստացիօրէն արդարացնելով Ատրպէյճանի կողմէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ ուժի կիրառումը, այլեւ տարածած է բացայայտ սուտ եւ ապակողմնորոշիչ տեղեկատուութիւն: Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱԳՆ տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

Թուրքիոյ այս սադրիչ կեցուածքը եւ Հայաստանի դէմ ուղղուած անհիմն մեղադրանքները կը հաստատեն այն իրողութիւնը, որ այդ երկիրը կը գործէ ոչ թէ որպէս ԵԱՀԿ (Եւրոպայի մէջ Անվտանգութեան Եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն) Մինսքի խումբի անդամ, այլ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած կողմ: Այս իրողութիւնը առաւել քան անհնար կը դարձնէ միջազգային՝ նախեւառաջ ԵԱՀԿ շրջանակներուն մէջ Թուրքիոյ որեւէ դերակատարում, որ կ’առնչուի ղարաբաղեան հակամարտութեան:

Թուրքիոյ ձգտումը՝ միջամտելու իր հարեւան տարածաշրջաններուն մէջ առկայ հակամարտութիւններուն, արդէն իսկ յանգեցուցած են այդ տարածաշրջաններուն մէջ անվտանգութեան խաթարման եւ անկայունութեան տարածման:

Խստօրէն կը դատապարտենք մեր տարածաշրջանին մէջ անկայունութիւն հրահրելու Թուրքիոյ փորձերը եւ կը հաստատենք, որ ՀՀ-ն պիտի շարունակէ  հետեւողականօրէն հանդէս գալ միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան պահպանման եւ ամրապնդման դիրքերէն՝ այդ ուղղութեամբ սերտօրէն համագործակցելով իր միջազգային գործընկերներուն հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment