Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կառավարութիւնը Որոշեց Մէկ Ամիսով Երկարաձգել Արտակարգ Դրութիւնը

Կառավարութիւնը Որոշեց Մէկ Ամիսով Երկարաձգել Արտակարգ Դրութիւնը

by MassisPost

Կառավարութիւնը, Յուլիս 13-ի արտահերթ նիստին ընթացքին, որոշեց եւս մէկ ամիսով երկարաձգել Հայաստանի մէջ Մարտ 16-ին յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը, դիմակայելու «Քորոնա» ժահրի համաճարակը։

Կառավարութեան նիստին վարչապետը ըսաւ, թէեւ Հայաստանի Սահմանադրութեամբ նախատեսուած է, որ բնակչութեան առողջութեան սպառնացող վտանգներու պարագային, անհրաժեշտ է արտակարգ միջոցներ ձեռնարկել, այնուամենայնիւ, օրէնսդրական մակարդակի վրայ արդէն արտակարգ դրութեան ռեժիմից բացի այլ գործիք չկայ արտակարգ գործողութիւններ կատարելու համար։

«Միւս կողմից մենք հասկանում ենք նաեւ, որ արտակարգ դրութիւնն անվերջ երկարացնել հնարաւոր չի եւ պէտք էլ չի, եւ այս ընթացում դեռ նախորդ ամսուանից մենք որոշում ունենք, որպէսզի օրէնսդրական փաթեթ մշակենք, որը մեզ հնարաւորութիւն կու տայ այդ գործիքակազմը կիրառել ոչ թէ արտակարգ դրութեան, այլ արտակարգ իրավիճակի ռեժիմում, որը սահմանափակումներով եւ իր ծանրութեամբ կը լինի շատ աւելի թեթեւ, այսինքն՝ ինքը թիրախաւորուած հենց հակահամաճարակային կանոնների տրամաբանութեամբ կ’առաջնորդուի»,- ըսաւ վարչապետը:

Կառավարութեան որոշումէն յետոյ, Ազգային ժողովը արտահերթ նիստով քննարկեց արտակարգ դրութեան երկարաձգումը։ Հարցը ներկայացուցած ատեն, փոխ վարչապետ, պարէտ՝ Տիգրան Աւինեան նշեց, որ պարէտատան կատարած մշտադիտարկումն ու վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ առայժմ երկրին մէջ դեռեւս առկայ չէ այն իրավիճակը, որ թոյլ կու տայ վերադառնալու  բնական կեանքին, սակայն կան կանխատեսումներ, որ դիմակներ կրելու եւ միւս կանոնները պահպանելու պարագային, հնարաւոր է, որ Սեպտեմբերին աւելի լաւ վիճակ ունենանք։

«Միջինում հիւանդութիւն ունենալու ամբողջ ընթացքում մէկ անձը կը վարակի 0,8 հոգու: Հետազօտութեան համաձայն, էապէս նպաստել են դիմակների եւ միւս կանոնների քաղաքականութիւնը, ի հարկէ, նաեւ կարեւոր է եղանակային գործօնը: Նման միտումի պահպանման պարագայում գնահատուում է, որ Սեպտեմբերի սկզբին կ’ունենանք օրական մօտ 140 նոր վարակակիրների արձանագրուած դէպքեր: Կանխատեսումները շատ նախնական են եւ բոլորովին չեն նշանակում, թէ անկման միտումները կը պահպանուեն, որովհետեւ բազմաթիւ գործօններով են պայմանաւորուած», – ընդգծեց Աւինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment