Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Ալիեւ Կը Յոխորտայ «Մեր Հողերէն, Ոչ Իսկ Մէկ Սանթիմեթր Հող Տուած Ենք»

Ալիեւ Կը Յոխորտայ «Մեր Հողերէն, Ոչ Իսկ Մէկ Սանթիմեթր Հող Տուած Ենք»

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահը Հայաստանը մեղադրած է «սահմանին վրայ սադրանք հրահրելու» մէջ, պնդելով, թէ հայկական զինուժը կրակ բացած է ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ։ Այս մասին Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է երկրի Անվտանգութեան խորհուրդի Յուլիս 13-ին տեղի ունեցած նիստին ընթացքին:

«Այդ հայկական կողմի հերթական սադրանքն է։ Այդ անսպասելի հարուած էր մեր դիրքերուն, որ յանգեցուցած է մեր զինծառայողներու մահուան։ Սակայն մենք կանխած ենք այդ յարձակումը եւ համարժէք պատասխան տուած, վրէժ լուծելով մեր զինուորներու զոհուելուն համար։ Այսօր սահմանին լարուած իրավիճակը պահպանուած է»,- ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու փոխանցումով՝ յայտարարած է Ալիեւը:

Ատրպէյճանի նախագահի պնդումով՝ տեղի ունեցածին ողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը:

«Նման միջադէպեր տեղի կ’ունենան, այդ թուին հայաստանեան իշխանութիւններու երկերեսանիութեան պատճառով: Ատրպէյճանը կ’ապահովէ իր տարածքային ամբողջութիւնը, երէկ եւ ոչ իսկ մէկ սանթիմեթր մեր տարածքէն տուած ենք թշնամիին։ Հայաստանեան իշխանութիւններու այդ գործողութիւնները տրամաբանութեան մէջ չեն տեղաւորուիր, եւ անոնք սպառնալիք կը ներկայացնեն Հայաստանի համար», – նաեւ յայտարարած է Իլհամ Ալիեւը:

Երէկ կեսօրէն ետք կտրուկ սրուած է իրավիճակը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանի Տաւուշի հատուածին վրայ, կողմերը հրետանային կրակ կիրառած են: Ատրպէյճան յայտնած է իր 4 զինծառայողներու զոհուելու, եւ առնուազն 4-ի վիրաւորուելուն մասին: Հայկական կողմէն, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն, զոհուածներ չկան, թեթեւ մարմնական վնասուածքներ ստացած են սահմանին ծառայութիւն կատարող երկու ոստիկաններ:

Պաշտօնական Երեւանը խստօրէն դատապարտած է ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ հրադադարի խախտումները, յայտարարելով, որ «սադրիչ գործողութեան հետեւանքների ողջ պատասխանատուութիւնը կրում է Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment