Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ընդդիմութիւնը Կը Փորձէ Ցոյց Տալ, Թէ Իբրեւ Իրենք Կրնան Հուժկու Հանրահաւաքներ Կազմակերպել. Պատասեան

Ընդդիմութիւնը Կը Փորձէ Ցոյց Տալ, Թէ Իբրեւ Իրենք Կրնան Հուժկու Հանրահաւաքներ Կազմակերպել. Պատասեան

by MassisPost

Իմ կարծիքով ընդդիմութիւնը հասարակութեան կը փորձէ ցոյց տալ, թէ իբրեւ իրենք պատրաստ են հուժկու հանրահաւաքներ կազմակերպելու, եւ ահա արտակարգ դրութիւնը իրենց կը խանգարէ: Այս մասին, Յուլիս 13-ին, ԱԺ-ին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին, նշեց ՀՀ արդարադատութեան նախարար՝ Ռուստամ Պատասեան, անդրադառնալով հաւաքներու իրաւունքի սահմանափակումները հանելու վերաբերեալ ընդդիմադիրներու առաջարկին:

«Բնականաբար դա կեղծ օրակարգ է, իրենք նման հնարաւորութիւններ չունեն, պարզապէս հիմա իրենց համար յարմար առիթ է այդ հարցը անընդհատ բարձրացնելու եւ արձանագրելու, թէ իբր իշխանութիւններն իրենց թոյլ չեն տալիս այդ հուժկու հանրահաւաքները կազմակերպել:

Ինչ վերաբերում է իրաւաչափութեանը, ապա Սահմանադրութեան շատ հպանցիկ ուսումնասիրութիւնը կը վկայի, որ առողջութեան պահպանութիւնը հաւաքների սահմանափակման հիմք կարող է լինել: Այսինքն սա ամբողջութեամբ իրաւաչափ ու համաչափ է: Հենց այնպիսի իրավիճակ լինի, որ հաւաքների ազատութիւնը էապէս չվտանգի առողջութեան անվտանգութիւնը, կառավարութիւնը նման որոշում կը կայացնի:»,-ընդգծեց Պատասեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment