Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանական Ներթափանցման Փորձը Ձախողած է Թշնամին Կրելով Կորուստներ Ետ Շպրտուած

Ատրպէյճանական Ներթափանցման Փորձը Ձախողած է Թշնամին Կրելով Կորուստներ Ետ Շպրտուած

by MassisPost

Ատրպէյճանեան ուժեր, Կիրակի Յուլիս 12-ին, Տաւուշի կողմէն հայկական սահմանը խախտելու փորձ կատարած են ու հանդիպելով դիմադրութեան ետ շպրտուած են։ Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդած է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեանը։

Ստեփանեան նաեւ գրած է հայկական ուժեր միայն  կանխազգուշացնելէ ետք կրակ բացած են արդէն երկրորդ  անգամ սահմանը հատել փորձող ուժերուն, իսկ  հակառակորդը կորուստներ տալով  լքած է շրջանը։

Անցնող ժամերուն  հակառակորդը  դարձեալ կրակ  բացած է Տաւուշի մարզի հայկական սահմանապահ դիրքի ուղղութեամբ։

Ստեփանեան նաեւ  յիշեցուցած է,  որ այդ  դիրքի վրայ աւելի վաղ  թշնամին  կատարած էր ներթափանցման փորձ ու կորուստներ կրելով ետ  մղուած։

Ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանի Ատրպէյճանի երեք զինուորներ սպաննուած էին,  իսկ հայկական կողմը բարեբախտաբար կորուստներ չէր  կրած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment