Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Չեղեալ Համարուած Է Ծառուկեանի Ընտանիքին Պատկանող «Օնիրա Քլապ» Ընկերութեան Տրուած Արտօնագիրը

Չեղեալ Համարուած Է Ծառուկեանի Ընտանիքին Պատկանող «Օնիրա Քլապ» Ընկերութեան Տրուած Արտօնագիրը

by MassisPost

Ֆինանսներու նախարարութիւնը  անվաւեր ճանչցած ԲՀԿ առաջնորդ, ընտրակաշառքի գործով մեղադրեալ՝ Գագիկ Ծառուկեանի ընտանիքին պատկանող «Օնիրա քլապ» ընկերութեան տրուած (որպէս խաղատուն) արտօնագիրը։ Խօսքը Աբովեան քաղաք տանող մայրուղիին վրայ գործող «Շանկրի լա» խաղատան մասին է։

Ֆինանսներու նախարարութիւնը վիճակախաղերու, շահումով խաղերու, համացանցային շահումով խաղերու եւ խաղատներու արտօնագրող յանձնաժողովի երեկուայ որոշումը տեղադրած է «Ազդարար» հրապարակային ծանուցումներու պաշտօնական կայքին վրայ։

Ֆինանսներու նախարարի խօսնակ՝ Աննա Վարդանեան «Ազատութեան» ըսաւ, որ նախարարը որոշումը արդէն ստորագրած է, օրէնքով սահմանուած կարգով զայն կը ներկայացնեն տնտեսվարողին։ Այս որոշումը, Հայաստանի ամենահարուստ մարդոցմէ մէկը համարուող՝ Ծառուկեանի ընկերութիւնը կրնայ բողոքարկել դատարանին մէջ։

Ըստ ֆինանսներու նախարարութեան, «Օնիրա քլապ» մինչեւ 2018 թուականի Յունիսը, չէ վճարած նախարարութեան կողմէ ընկերութեան 2014-ին տրուած արտօնութեան համար այս տարուայ երրորդ եռամսեակի պետական տուրքի տարեկան գումարի 25 տոկոսը։

Ըստ իրաւապահներուն, տարիներ առաջ «Օնիրա քլապ» ընկերութեան իրաւասու անձերը թաքցնելով փաստերը՝ խաբէութեամբ այնպէս ըրած են, որ օգտուին արտօնեալ պայմաններէն։ Ըստ օրենքի, 2014 Յունուար 1-էն յետոյ, խաղատուն, շահումով  խաղ եւ  համացանցային շահումով խաղ կարող է կազմակերպուիլ, եթէ կառավարութեան կողմէ հաւանութեան արժանացած 40 միլիառ դրամէն աւելի ներդրումային ծրագիրի ծիրէն ներս, այդ ներդրումը մէկ վայրի մէջ կատարուած ըլլար։ Մինչդեռ 2011-ին «Օնիրա քլապի» կառուցած եւ աւելի քան 13 հեկտար մակերեսով ժամանցի վայրերը, ինչպէս նաեւ «Շանգրի լա» խաղատունը ներկայացուած են որպէս այդպիսին, աւելի քան 61 միլիառ դրամ ներդրումի կառուցուած շինութիւններ, որու հետեւանքով այդ ծրագիրը ստացած է կառավարութեան հաւանութիւնը եւ 2013 թուականի դեկտեմբերին թոյլատրուած է նոյն վայրին մէջ շարունակել գործունէութիւնը։

«Սրա հետեւանքով պետութիւնը զրկուել է փաստացի առանձնապէս խոշոր չափերի՝ 40 միլիառ ՀՀ դրամի չափով ներդրում ստանալու հնարաւորութիւնից», – հաղորդած է Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը։

Միեւնոյն ժամանակ, ստացուած արտօնագիրով այլ վայրի մէջ, առանց թոյլտուութեան, զբաղած են խաղատան եւ շահումով խաղերու կազմակերպումով։ Ասոր հետեւանքով պետութեան պատճառուած է աւելի քան 29 միլիառ դրամի վնաս։ Գագիկ Ծառուկեան այս գործով որպէս վկայ կ’անցնի։

Ծառուկեանի փաստաբան՝ Էմին Խաչատրեան «Ազատութեան» փոխանցեց, որ այս գործով դեռեւս չեն զբաղիր, չբացառեց, որ հետագային ստանձնեն զայն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment