Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արմէն Սարգսեան Հանդիպած Է Արցախի Նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանին Հետ

Արմէն Սարգսեան Հանդիպած Է Արցախի Նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանին Հետ

by MassisPost

Աշխատանքային այցով Արցախ գտնուող Հայաստանի նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան հանդիպած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանին հետ:

Նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը յայտնած է, որ Արմէն Սարգսեան հանդիպման ընթացքին նշած է. «Ուզում եմ Ձեր միջոցով շնորհաւորել նաեւ Արցախի ողջ ժողովրդին, որովհետեւ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններն անցկացուեցին ժողովրդավարական ձեւով: Շնորհակալութիւնս փոխանցէք նաեւ նախագահական ընտրութիւնների միւս մասնակիցներին, որոնք անձնապէս չյաղթեցին, բայց յաղթեցին միասին՝ ցոյց տալով աշխարհին, որ Արցախը ոչ միայն ամուր ու հզօր, այլեւ ժողովրդավարական երկիր է, ինչպէս նաեւ՝ ազատ երկիր, որտեղ անցկացուում են ազատ ընտրութիւններ: Նրանք պէտք է հպարտ լինեն, քանի որ իրենց ներդրումն ունեցան գործընթացում: Ուզում եմ Ձեզ, ինչպէս նաեւ Արցախի բոլոր քաղաքացիներին նախ եւ առաջ մաղթել առողջութիւն: Վստահ եմ, որ յաղթահարելու ենք նաեւ այս դժուարին վիճակը եւ առաջ ենք գնալու՝ ամրապնդելով ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ե՛ւ Արցախի Հանրապետութիւնը»:

Արցախի նախագահը նշած է, որ նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցող թեկնածուներուն մեծ մասը ներկայ քաղաքական իշխանութեան մաս կը կազմէ եւ պատրաստակամ է ապահովել երկրի առաջընթացն ու զարգացումը, իսկ անոնք, որոնք ներգրաւուած չեն, նոյնպէս կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը յանուն Արցախի: Արայիկ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն, Արցախի զարգացման ուղղուած գործնական ծրագիրներուն աջակցելու համար. «Ուզում եմ նշել, որ միասին մեզ յաջողուելու է ոչ միայն յաղթահարել իրավիճակն, այլեւ մեր հայրենիքի զարգացման ուղղութեամբ առաջընթաց ապահովել»:

Արմէն Սարգսեանի եւ Արայիկ Յարութիւնեանի առանձնազրոյցին յաջորդած է ընդլայնուած հանդիպում, որուն մասնակցած են Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ՝ Արթուր Թովմասեանը, պետական նախարար՝ Գրիգորի Մարտիրոսեանը, արտաքին գործոց նախարար՝ Մասիս Մայիլեանը, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Պապայեանը եւ պաշտօնատար այլ անձինք:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձած են Հայաստանի եւ Արցախի փոխգործակցութեան եւ Արցախի զարգացման ուղղուած ծրագիրներուն:

Արմէն Սարգսեան նաեւ հանդիպած է Արցախի նախկին նախագահ՝ Բակօ Սահակեանի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment