Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Իլհամ Ալիեւ Դժգոհ Է Մինսքի Խումբէն. «Այսօր Փաստացի Բանակցութիւններ Չկան»

Իլհամ Ալիեւ Դժգոհ Է Մինսքի Խումբէն. «Այսօր Փաստացի Բանակցութիւններ Չկան»

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահը քննադատած է ԵԱՀԿ (Եւրոպայի մէջ  Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն) Մինսքի խումբին, ղարաբաղեան խնդիրի վերաբերեալ, իր խօսքով՝ ոչ յստակ յայտարարութիւններու եւ անարդիւնք բանակցութիւններուն համար։

«Մենք անոնցմէ այլ արձագանք կ’ակնկալենք, յստակ յայտարարութիւններ։ Երբ Հայաստանի վարչապետը կը յայտարարէ, որ Ղարաբաղը Հայաստան է, ինչո՞ւ Մինսքի խումբը չի արձագանքեր եւ չի յայտարարեր, որ այդ արտայայտութիւնը ամբողջովին կը խախտէ բանակցութիւններու էութիւնը եւ զանոնք փաստացի կը դարձնէ անիմաստ», – հարց բարձրացուցած է Ալիեւը Ատրպէյճանական հեռուստաընկերութիւններու հետ զրոյցի ընթացքին։

Ատրպէյճանի նախագահը պնդած է, թէ միջնորդները համահունչ չեն արձագանքեր նաեւ բանակցութիւններու «ձեւաչափը փոխելու» հայկական կողմի ջանքերուն:

«Անոնք վերացական յայտարարութիւններ կ’ընեն, փորձելով եւ՛ մեզի սիրաշահիլ, եւ՛ անոնց, բայց անոր ժամանակը արդէն անցած է, մենք յստակութիւն կը պահանջենք», – ըսած է Ալիեւ, աւելցնելով, որ եթէ միջնորդները կ’ուզեն, որ հակամարտութիւնը լուծուի խաղաղ ճանապարհով, պէտք է խօսին այս մասին։

«Անոնց հիմնական թէզն է, թէ խնդիրը ռազմական լուծում չունի, իսկ ո՞վ ըսաւ», – յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահը ընդգծելով. – «Մենք միջնորդներէն աւելի լուրջ, յստակ ու նպատակային յայտարարութիւններ կ’ակնկալենք»։

Միջնորդներու հասցէին քանի մը րոպէ շարունակուած քննադատական ելոյթէն յետոյ, Իլհամ Ալիեւ նաեւ պնդած է, թե «այժմ բանակցութիւններ, ըստ էութեան, չեն վարուիր, արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ տեսակապով ժողովները որեւէ նշանակութիւն չունին եւ ընդամէնը տպաւորութիւն կը ստեղծեն, իբր թէ Մինսքի խումբը գոյութիւն ունի»։

«Ես ըսած եմ, որ մենք չենք բանակցիր յանուն բանակցութիւններու, մենք կ’ուզենք ըստ էութեան բանակցութիւններ՝ առանց անոնց ձեւաչափը փոխելու։ Այդ պարագային մենք, անշուշտ, անոնց կը մասնակցինք, հակառակ պարագային՝ անիմաստ բանակցութիւններու կարիքը չենք տեսներ», – յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահը:

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է, որ բաւարար ազդանշաններ ունին, որ եւրոպական շարք մը երկիրներու քաղաքական գործիչներ, պատգամաւորներ եւ կառավարութեան անդամներ յատուկ վերաբերմունք ունին Հայաստանի հանդէպ։

«Հայկական լոպպին Հայաստանին կը պաշտպանէ բոլոր կազմակերպութիւններուն մէջ։ Անձամբ տեսած եմ այդ, որպէս Ատրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավար՝ Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի մէջ (ԵԽԽՎ)։ Այսինքն, Հայաստանը ամբողջութեամբ քննադատութենէ դուրս մնացած է։ Հայամէտ տրամադրուած պատգամաւորները եւ եւրոպական երկիրներ ծնած հարուստ հայերը, օգտագործելով բոլոր հնարաւորութիւնները եւ ֆինանսական հնարաւորութիւնները, պաշտպանած են Հայաստանը ցանկացած քննադատութենէ», – ըսած է Ալիեւ։

Նախագահին խօսքով՝ անոնք, որոնք կը հովանաւորեն հայերը, հայկական լոպպին, անոր փողերը, ինչպես նաեւ Հայաստանի կառավարութեան լոպպիստական գործունէութիւնը Եւրոպայի մէջ միշտ պաշտպանած են զիրենք քննադատութենէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment