Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նախարար Տոնոյեան Քննարկած է Ատրպէյճանի Մէջ Գերութեան Մեջ Գտնուող ՀՀ Քաղաքացիներու Հարցը

Նախարար Տոնոյեան Քննարկած է Ատրպէյճանի Մէջ Գերութեան Մեջ Գտնուող ՀՀ Քաղաքացիներու Հարցը

by MassisPost

Յուլիս 6-ին, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար՝ Դաւիթ Տոնոյեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները, պատուիրակութեան ղեկավար Քլեր Մեյթրոյի գլխաւորութեամբ:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան եւ ՀՀ-ի մէջ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի պատուիրակութեան համագործակցութեան ընթացիկ հարցերուն, օրակարգային միջոցառումներուն, ինչպէս նաեւ փոխգործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման հնարաւորութիւններուն ու առաջիկայ ընելիքներուն:

Զրուցակիցները քննարկած են ոչ ինքնակամօրէն Ատրպէյճան յայտնուած եւ անազատութեան մէջ գտնուող ՀՀ քաղաքացիներ՝ Կարէն Ղազարեանի եւ Արա Ղազարեանի հետագայ ճակատագրին վերաբերող հարցերը, կարեւորած են Երեւանի եւ Պաքուի Կարմիր Խաչի գրասենեակներու համակարգուած աշխատանքը, կանոնաւոր տեսակցութիւններու եւ ընտանիքներու անդամներուն հետ նամակագրութիւն ապահովելու նպատակով:

Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետեւանքով անհետ կորած անձանց ճակատագիրները պարզելու ուղղուած հարցերուն, ինչպէս նաեւ ՀՀ գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորածներու հարցերով զբաղող յանձնաժողովի եւ ԿԽՄԿ-ի կատարած աշխատանքներու համադրման առնչուող այլ խնդիրներու:

Հանդիպման աւարտին, Դաւիթ Տոնոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի ԿԽՄԿ-ի ղեկավարին, պատուիրակութեան կողմէ «Քորոնա» ժահրի համավարակի դէմ պայքարի ծիրէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ջանքերուն աջակցելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment