Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեք Կուսակցութիւններուն Ստեղծած Աշխատանքային Խումբը Դիմած է Դատարան

Երեք Կուսակցութիւններուն Ստեղծած Աշխատանքային Խումբը Դիմած է Դատարան

by MassisPost

Բարգաւաճ Հայաստան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ Հայրենիք կուսակցութիւններուն կողմէ ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւն ներկայացուած է ընդհանուր առմամբ 9 էջէ բաղկացած, ՀՀ Քրէական օրէնսգրքի 3 յօդուածներով սահմանուած յանցագործութիւններու մասին հաղորդում։ Ըստ էութեան, ներկայացուած հաղորդումը միտուած է օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատար անձերու յանցակցութեամբ  կատարուած իշխանութեան իւրացումին իրաւական գնահատական տալուն։

Սահմանադրական դատարանի եւ անոր առանձին դատաւորներու դէմ  նախաձեռնուած եւ դատական իշխանութիւնը զաւթելուն միտուած գործողութիւնները սկսած եւ շարունակուած են մէկ տարիէն աւելի, նպատակ ունենալով Սահմանադրական դատարանին մէջ ձեւաւորել կառավարելի մեծամասնութիւն: Այլ խօսքով՝ Սահմանադրութեամբ չնախատեսուած եղանակով Սահմանադրական դատարանի երեք դատաւորներու լիազօրութիւնները դադրեցնելու եւ Սահմանադրական դատարանի նախագահին պաշտօնավարումէն զրկելու, ինչպէս նաեւ անոնց փոխարէն այլ անձեր նշանակելու միջոցով, օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւնը ներկայացնող, ինչպէս նաեւ այլ բարձրաստիճան խումբ մը պաշտօնատար անձեր, յանցակցութեամբ, կը տիրանան Սահմանադրական դատարանի լիազօրութիւններուն եւ այդ ամէնը կը կատարեն, վերազանցելով իրենց լիազօրութիւնները։

Այս գործողութիւններով, յանցակիցները կը խախտեն իշխանութիւններու տարանջատման ու հաւասարակշռման սկզբունքը եւ նոյնիսկ փաստացի վերացնում Հայաստանի Հանրապետութեան՝ իրաւական պետութեան ըլլալու բնութագիրը։ Նկատի ունենալով, որ այս փաստերուն մէջ առկայ են ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 300-րդ յօդուածի 1-ին մասի, 300․1-րդ յօդուածի 1-ին մասի եւ 309-րդ յօդուածի 1-ին մասի առերեւոյթ յատկանիշներ պարունակող արարքներ եւ առաջնորդուելով ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգրքի համապատասխան յօդուածներով` յանցագործութեան մասին Գլխաւոր դատախազութիւն ներկայացուած հաղորդումով խնդիր դրուած է յարուցելու քրէական գործ եւ կատարել պատշաճ, անաչառ ու համակողմանի նախաքննութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment