Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԺ-ը Ամբողջութեամբ Ընդունեց ՍԴ-ի Մասին Օրէնքի Փոփոխութիւնները եւ Չեղեալ Համարեց Հանրաքուէն

ԱԺ-ը Ամբողջութեամբ Ընդունեց ՍԴ-ի Մասին Օրէնքի Փոփոխութիւնները եւ Չեղեալ Համարեց Հանրաքուէն

by MassisPost

Ազգային ժողովը Յունիս 30-ի իր գումարած արտահերթ նստաշրջանին, առաջին ընթերցումով ընդունեց «Սահմանադրական դատարանի մասին» օրէնքին մէջ, իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներու առաջարկած փոփոխութիւնները եւ լրացումները:

Սահմանադրական օրէնքի փոփոխութիւններուն եւ լրացումներուն ու «Պաշտօնատար անձանց գործունէութեան ապահովման, սպասարկման եւ ընկերային երաշխիքներու մասին» օրէնքի փոփոխութիւններու փաթեթին կողմ քուէարկեց 80 եւ դէմ՝ 1 պատգամաւոր:

Յիշեցնենք, որ առաջարկուող փոփոխութիւններով, պիտի լուծուի բարձր դատարան առնուազն 12 տարի պաշտոնավարած դատաւորներու կենսաթոշակի հարցը, պիտի ամրագրուին դատաւորներու թափուր տեղերը եւ պիտի կարգաւորուի Սահմանադրական Դատարանի նախագահի թափուր տեղի համալրման հարցը:

Յունիս 22-ին, խորհրդարանի ընդունած սահմանադրական փոփոխութիւններուն համաձայն՝ Հրայր Թովմասեան պէտք է  թողնէ   ՍԴ-ի նախագահի պաշտօնը, եւ բարձր դատարանի կազմէն պէտք է հեռանան 12 տարի եւ աւելի պաշտօնավարած դատաւորները, որոնք են, ըստ փոփոխութիւնները նախաձեռնած «Իմ քայլը» իշխանական խմբակցութեան պատգամաւորներու եւ Կառավարութեան, Ալվինա Կիւլումեանը, Ֆելիքս Թոխեանն ու Հրանդ Նազարեանը:

Խորհրդարանը այսօր, ուժը կորսնցուցած համարեց այս տարուայ Փետրուար 6-ի իր որոշումը, սահմանադրական փոփոխութիւնները հանրաքուէի դնելու մասին:

Ապրիլ 5-ին նշանակուած հանրաքուէով պէտք է լուծուեր Սահմանադրական դատարանի նախագահի եւ 6 անդամներու լիազօրութիւնները դադրեցնելու հարցը: Քարոզարշաւը սկիզբ առաւ Փետրուար 17-ին եւ տեւեց մինչեւ Մարտ 12-ը, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Քորոնա» ժահրի տարածման պատճառով ընդհատեց արձակուրդն ու քարոզարշաւը եւ վերադարձաւ Երեւան: Հանրաքուէի հետ կապուած բոլոր գործընթացները դադրեցնելու որոշումը Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը կայացուց արտակարգ դրութիւն յայտարարուելէն յետոյ, Մարտ 17-ին: Այս ամիս ալ խորհրդարանը ընդունեց հանրաքուէն չեղեալ համարելու հնարաւորութիւն տուող օրէնք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment