Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սերժ Սարգսեան Ցոյց Տուաւ, Որ Ի Զօրու Չէ Նոյնիսկ Այս Պայմաններուն Պետականամէտ Դիրքերէն Հանդէս Գալու․ Պատգամաւոր

Սերժ Սարգսեան Ցոյց Տուաւ, Որ Ի Զօրու Չէ Նոյնիսկ Այս Պայմաններուն Պետականամէտ Դիրքերէն Հանդէս Գալու․ Պատգամաւոր

by MassisPost

Ալիեւը ցոյց կու տայ իր բոլոր վախերը, զորս ունի ժողովրդավարական գործընթացներուն նկատմամբ եւ այդ նպատակով կը փորձէ արժեզրկել եւ նսեմացնել ժողովրդավարութիւնը։ Այս մասին «Ա1+»-ի հետ զրոյցին նշեց «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր, ատրպէյճանագէտ Տաթեւիկ Հայրապետեան, անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութեան, թէ Հայաստանի անկախութեան պատմութիւնը սկզբունքօրէն ամօթալի պատմութիւն է։

Հայրապետեան կը կարծէ, թէ Ալիեւի խօսքերը քանի մը ուղղութիւն ունէին․

«Ի հարկէ, նաեւ Ատրպէյճանի ժողովրդին էր ուղղուած, նաեւ մեր ներսում էր նպատակ հետապնդում վիճաբանութիւն  հրահրել, փորձում էր տարբեր կողմերի հետ կապուած որոշակի շահարկումներ անել, եւ այդ ամէնը տեղ էր գտել իր ելոյթում»։

Պատգամաւորը շեշտեց, որ երբ խօսքը կը վերաբերի անվտանգութեան եւ մասնաւորապէս Ատրպէյճանին, մենք այդ հարցով աւելի քան միասնական պէտք է ըլլանք։

Այս թեմայով երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութեան  վերաբերեալ իշխանական խմբակցութեան պատգամաւորը ըսած է.-

«Սերժ Սարգսեանը դիրքաւորուեց որպէս նեղ կուսակցական քաղաքական գործիչ, փոքր-ինչ երկար մտածելու դէպքում կարող էր աւելի պետականամէտ դիրքերէն հանդէս գալ»։

Յիշեցնենք, որ ՀՀ երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան ըսած էր, թէ «Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի լեզուն երկարել է՝ ներսում մեր ապաշնորհ ու ապազգային վայ-կառավարիչների պատճառով»:

Հայրապետեան ըսաւ, թէ Ալիեւի նպատակը այն էր, որ Հայաստանի մէջ ներքին քաղաքական շահարկումներ սկսին․

«Շատ ցաւում եմ, որ Սերժ Սարգսեանը խայծը կուլ տուեց»։

Պատգամաւորը նաեւ շեշտեց, որ իսկապէս պէտք է բոլոր կողմերը որոշակի զգուշութիւն ցուցաբերէին այս կարգի ելոյթները մեկնաբանելու ատեն, պէտք չէ թոյլ տալ, որ Ալիեւի ելոյթները իր նպատակին ծառայեն․

«Սերժ Սարգսեանը ցոյց տուեց, որ ի զօրու չէ նոյնիսկ այս պայմաններում պետականամէտ դիրքերից հանդէս գալ»,- ըսաւ Հայրապետեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment