Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանի Օրակարգ Բերած է Վանի Կրօնական Համալիրի Պահպանման Հարցը

Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանի Օրակարգ Բերած է Վանի Կրօնական Համալիրի Պահպանման Հարցը

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանի Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր՝ Կարօ Փայլան մեճլիս օրակարգ բերած է Վանի հայկական վանական համալիրի պահպանման հարցը: Ան նշած է, որ Վանի Կիւլփընար շրջանի Աքպոյու թաղամասը գտնուող 16-րդ դարուն պատկանող Սուրբ Մարինոս վանքը գանձախոյզներու կողմէն տարիներ շարունակ աւերուած է ու անմխիթար վիճակի մէջ կը գտնուի:

Փայլանը հարցադիմում ուղղած է Զբօսաշրջութեան նախարար՝ Մեհմետ Նուրի Էրսոյին՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով, որ Վանի շրջակայքի պատմամշակութային կառոյցները մեծապէս տուժած են գանձախուզական աշխատանքներու եւ իշխանութիւններու անգործութեան հետեւանքով: Հայազգի պատգամաւորը թուրք նախարարէն պատասխան ակնկալած է, թէ արդեօ՞ք օրինական գործընթաց սկսած է, գանձեր գտնելու նպատակով Սուրբ Մարինոս վանքին եւ շրջակայքին մէջ փորուածքներ ընող անձերու յայտնաբերման համար: Փայլանը հետաքրքրուած է, թէ ինչո՞ւ նախարարութիւնը չի զբաղիր Վանի եւ մերձակայքի մէջ քրիստոնեաներուն պատկանող պատմական կառոյցներու պահպանութեամբ:

«Արդեօ՞ք Սուրբ Մարինոս վանքի վերականգնումին համար աշխատանք պիտի տարուի: Արդեօ՞ք կատարուած է Վան նահանգին մէջ հայերուն կառուցած վանքերու, եկեղեցիներու եւ մշակութային կոթողներու գոյքագրում: Հայերուն պատկանող մշակութային հետքերու վերացումը ցայսօր պետական քաղաքականութիւն եղած է: Արդեօ՞ք մտադիր էք փոխելու այդ մօտեցումը», – ըսուած է Փայլանի հայցադիմումին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment