Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ինչ Է Գաղտնիքը՝ Թրամփ-Էրտողան Սերտ Յարաբերութեան

Ինչ Է Գաղտնիքը՝ Թրամփ-Էրտողան Սերտ Յարաբերութեան

by MassisPost

Այս շաբաթ լոյս տեսաւ նախագահ Տանոլտ Թրամփի ազգային ապահովութեան նախկին խորհրդական Ճոն Պոլթընի՝ «Սենեակը Հոն Ուր Այդ Պատահեցաւ» յուշերու մեծածաւալ հատորը: Սպիտակ Տունը դիմելով դատարան փորձեց արգիլել գրքի հրատարակութիւնը, այն պատճառաբանութեամբ որ, հոն կը բացայայտուին պետական գաղտնիքներ, սակայն դատարանը ընթացք չտուաւ այդ դիմումին:

Ճոն Պոլթըն Ազգային Անվտանգութեան Խորհրդականի պաշտօնին վրայ գտնուեցաւ 18 ամիս՝ 2018-ի Ապրիլէն, 2019-ի Սեպտեմբեր ամիսը: Պոլթըն յայտարարեց թէ ի՛նք հրաժարած է, սակայն Թրամփ կը պնդէ որ, ան պաշտօնազուրկ եղած է: ի՞նչ որ ալ ըլլան պարագաները, Թրամփ-Պոլթըն աղմկայարոյց խզումը նախագահական ընտրութիւններէն չորս ամիս առաջ նոր գլխացաւանք մը դարձած է Թրամփի համար: Այս օրերուն Պոլթըի գիրքը կը գտնուի հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնին եւ հեղինակը իր հեռատեսիլային հարցազրոյցներու ընթացքին կ՛զգուշացնէ Ամերիկայի ժողովուրդին եւ յատկապէս իր կուսակից Հանրապետականներուն, որ Թրամփ արժանի չէ վերընտրութեան եւ աւելին՝ վտանգ է Ամերիկայի ազգային շահերուն:

Ճոն Պոլթընի յուշերուն մէջ կան բազմաթիւ զգայացունց նորութիւններ, սակայն մամուլը ամէնէն աւելի կ՛անդրադառնայ երկու դրուագներու՝ կապուած Չինաստանի եւ Թուրքիոյ հետ: Պոլթըն կը պատմէ թէ ինչպէս նախագահ Թրամփ աղաչած է Չինաստանի նախագահ Չի Ճինբինկին, որպէսզի ան օգնէ իրեն՝ վերընտրուելու համար: Թրամփ խնդրած է որ, Չինաստան մեծաքանակ գնումներ կատարէ Ամերիկացի հողագործներէն, որպէսզի ապահովէ անոնց քուէները:

Պոլթըն իր յուշերուն մէջ կը պատմէ նաեւ Ամերիկայի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն միջեւ 2018-ին տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցի մասին, որուն ընթացքին նախագահ Էրտողան ուզած է որ, Ամերիկացի դատախազները դադրեցնեն Թրքական մեծագոյն դրամատունէն մէկը նկատուող՝ Հալքպանքի դէմ դատական գործերը: Հալքպանք կ՛ամբաստանուի Ամերիկեան պատժամիջոցները շրջանցելով Իրանի հետ 20 միլիառ տոլարի գործարքներ ընելու մէջ: Ըստ Պոլթընի, Թրամփ խոստացած է այդ հարցով օգտակար ըլլալ, սակայն ժամանակ խնդրած է: «Հարցը կը գտնուի Նիւ Եորքի Հարաւային Շրջանի Դատախազութեան մօտ եւ անոնք իմ մարդիկը չեն: Նշանակուած են Օպամայի կողմէ», ըստ Պոլթընի, ըսած է Թրամփ ու աւելցուցած, որ այդ պարագան շուտով պիտի շտկուի, երբ հոն իր մարդիկը նշանակուին:

Նախագահ Թրամփ ընդառաջելով Էրտողանի խնդրանքին, փորձեց նաեւ ձախողցնել Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը Ամերիկեան Գոնկրէսին կողմէ, սակայն Ներկայացուցիչներու Տան եւ Ծերակոյտի անդամները մնացին անդրդուելի:

Ամերիկացի քաղաքական շրջանակներու մօտ հարց կը ծագի, թէ ի՞նչ է պատճառը որ, Թրամփի եւ Էրտողանի միջեւ յաճախ տեղի կ՛ունենան հեռաձայնային զրոյցներ եւ ԱՄՆ-ի նախագահը կ՛ընդառաջէ անոր պահանջներուն: Այս առթիւ կը յիշուի անցեալ Հոկտեմբերին կայացած մէկ այլ նման զրոյց, որմէ ետք Թրամփ, հակառակ Փենթակոնի ղեկավարութեան խրատներուն, անակնկալ որոշում կայացուց եւ Ամերիկեան զօրքերը Սուրիոյ Հիւսիսային շրջաններէն դուրս բերելով առիթ տուաւ որ, Թրքական բանակը գրաւէ Քուրտերու հսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու մէկ մասը:

Իր ընտրութենէն ասդին Թրամփ օտար երկիրներու ղեկավարներուն մէջ ամէնէն աւելի հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցած է Էրտողանի հետ՝ մօտ 20 անգամ: Թէ ի՞նչ եղած է այդ խօսակցութեանց բովանդակութիւնը, մեծ մասամբ կը մնայ առեղծուած: Այս սերտ շփումները զարմանալի եւ անբացատրելի կը թուին, երբ նկատի ունենանք որ հակա-ամերիկեան հռետորական ելոյթներու պակաս չկայ Թուրքիոյ նախագահին մօտ, ու ան անդադար կը դիրքորոշուի Ամերիկեան քաղաքականութեան դէմ եւ աշխարհի մէջ ընթացող կարեւորագոյն իրադարձութիւններուն ժամանակ կը պաշտպանէ Ամերիկայի հակառակորդներուն տեսակէտները: Թրամփ իր կարգին հրապարակաւ կը քննադատէ Թուրքիան, առիթով մը նոյնիսկ սպառնալով անոր տնտեսութիւնը ծունկի բերել: Սակայն, իրողութիւնները այլ պատկեր կը ներկայացնեն եւ կողմերուն միջեւ կը գործեն անհասկնալի կապեր:

Ոմանց կարծիքով Թրամփ-Էրտողան յարաբերութիւններուն մէջ դեր կրնան ունենալ Ամերիկայի նախագահի տնտեսական շահերը Թուրքիոյ մէջ: «Թրամփ» անունը կրող երկու աշտարակներ կան Պոլսոյ մէջ եւ այս երկու բարձրայարկ շէնքերը Թրամփի ընտանիքին կ՛ապահովեն տարեկան իւրաքանչիւրը 1-5 միլիոն տոլար, ըստ պաշտօնական յայտարարագրերու: Իր հակա-ամերիկեան ելոյթներէն մէկուն ընթացքին Էրտողան սպառնացած էր Թրամփի անունը հանել այդ աշտարակներէն:

Միւս կողմէ, Ամերիկեան մամուլի համաձայն Թուրք պետական պաշտօնեաներ 14 առիթներով այցելած են Սպիտակ Տան մօտ գտնուող «Թրամփ Միջազգային Հիւրանոցը» եւ հոն կազմակերպած են պետական մակարդակի չորս միջոցառումներ ու ծախսած՝ մեծ գումարներ:

Ամերիկայի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն միջեւ սերտ շփումները եւ այն իրադարձութիւնները, որոնք տեղի կ՛ունենան այդ յարաբերութիւններու լոյսին տակ, ենթադրել կու տան որ, Տանոլտ Թրամփ կ՛առաջնորդուի իր անձնական շահերով եւ ոչ թէ Երկրի ազգային շահերով, որոնց ծառայելու երդում տուած է ան:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment