Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ես Կ’աջակցիմ, որ Սահմանադրական Բարեփոխութիւնները Կատարուին. Նախագահը՝ ԵՄ-ի Դեսպաններուն

Ես Կ’աջակցիմ, որ Սահմանադրական Բարեփոխութիւնները Կատարուին. Նախագահը՝ ԵՄ-ի Դեսպաններուն

by MassisPost

Հանրապետութեան նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան հիւրընկալած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան՝ Անտրեա Վիքթորինին, մեր երկրի Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Ժոնաթան Լաքոթին, Գերմանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Միխայէլ Եոհաննէս Պանցհաֆին, Իտալիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Վինչենցո Տել Մոնաքոյին եւ Լիթուանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ ԻնԿա Սթանիթե-Թոլոչքիենեին: Հանդիպման մասնակցած է արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ՝ Աւետ Ատոնցը:

Հանրապետութեան նախագահը մասնաւորապէս անդրադարձած է «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին՝ խօսելով շարք մը մարտահրաւէրներու, անոնց կարգին՝ տնտեսական դժուարութիւններու, պարէնի անվտանգութեան խնդիրին, վերջին շրջանին Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ Սահմանադրութեան եւ սահմանադրական բարեփոխութիւններուն մասին: Նախագահ Սարգսեան պատասխանած է այս թեմաներու վերաբերեալ դիւանագէտներուն հետաքրքրող հարցերուն:

Խօսելով սահմանադրական բարեփոխութիւններուն մասին՝ նախագահ Սարգսեան ըսած է. «Սահմանադրութիւնը պէտք է հաւասարակշռուած լինի՝ հիմնուած զսպումների եւ հակակշիռների մեխանիզմների մեքենականութեան վրայ: Ուրախ եմ, որ կառավարութիւնը սկսել է այդ ուղղութեամբ աշխատանքները։ Ես աջակցում եմ սահմանադրական բարեփոխումների իրականացմանը»,-ընդգծած է նախագահ Սարգսեան:

Օգտագործելով առիթը՝ Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է միջազգային գործընկերներուն՝ դժուարին ժամանակներուն Հայաստանին աջակցելու համար: Նշելով, որ ներկայիս բոլորին համար դժուար ժամանակներ են եւ անոնք շուտ պիտի չաւարտին, նախագահը կարեւորութիւն տուած է փոխ օգնութեան, համատեղ աշխատանքին ու ջանքերուն: «Եթէ միասին չաշխատենք, ապա կը սահմանափակենք մեր յաջողութիւնները,- ընդգծած է նախագահը։ – Շնորհակալութիւն մեր բարեկամութեան համար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment