Այսօրուընէ՝ Յունիս 26-էն, ուժի մէջ մտած են Յունիս 22-ին Ազգային ժողովի կողմէ ընդունուած Հայաստանի Սահմանդրութեան փոփոխութիւնները:
Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ Սահմանադրութեան 213 յօդուածը շարադրուած է հետեւեալ խմբագրութեամբ. «Մինչեւ Սահմանադրութեան 7-րդ գլխի ուժի մէջ մտնելը նշանակուած եւ Սահմանադրական դատարանի անդամի կամ դատաւորի պաշտօնում ընդհանուր տեւողութեամբ ոչ պակաս, քան 12 տարի պաշտօնավարած Սահմանադրական դատարանի անդամի (դատաւորի) լիազօրութիւնների ժամկէտը համարուում է աւարտուած, եւ պաշտօնավարումը դադարում է»:
Ըստ հաղորդագրութեան՝ նշուած կանոնակարգումներով դադրած է Հրայր Թովմասեանի պաշտօնավարումը Սահմանադրական դատարանի նախագահի պաշտօնէն, ինչպէս նաեւ ՍԴ-ի դատաւորներ (անդամներ) Հրանդ Նազարեանի, Ֆելիքս Թոխեանի, եւ Ալվինա Կիւլումեանի պաշտօնավարումը:
Հրանդ Նազարեան, Սահմանադրական դատարանի անդամի կամ դատաւորի պաշտօնը պաշտօնավարած է աւելի քան 24 տարի, Ֆելիքս Թոխեան, պաշտօնավարած է աւելի քան 22 տարի, Ալվինա Կիւլումեանը՝ աւելի քան 12 տարի:
ՀՀ Սահմանադրութեան 213 յօդուածի 3-րդ մասի համաձայն՝ Սահմանադրական դատարանի երեք դատաւորներու թափուր տեղերուն համար առաջադրումները պէտք է կատարուին յաջորդաբար Կառավարութեան, Հանրապետութեան նախագահի եւ դատաւորներու ընդհանուր ժողովի կողմէն, երկամսեայ ժամկէտով, որ կը սկսի Յունիս 27-ին:
Ըստ Յայտարարութեան՝ Սահմանադրութեան 13 յօդուածի 4-րդ մասի համաձայն՝ Սահմանադրական դատարանի նախագահը պէտք է ընտրուի Սահմանադրութեան 166-րդ յօդուածով սահմանուած կարգով, ընտրութիւնը պէտք է կատարուի Սահմանադրական դատարանի դատաւորներու յառաջացած թափուր տեղերը համալրելէն յետոյ:
Հաշուի առնելով այն փաստը, որ Սահմանադրական դատարանի նախագահը դեռ ընտրուած չէ, իսկ Ալվինա Կիւլումեանին՝ որպէս ՍԴ-ի անդամի (դատաւորի) լիազօրութիւններու ժամկէտը դադրած է, Սահմանադրական դատարանի նախագահի պարտականութիւնները պիտի կատարուին Սահմանադրական դատարանի դատաւորներէն տարիքով աւագ դատաւորի կողմէն:
Այսօրուայ դրութեամբ՝ Սահմանադրական դատարանի տարիքով աւագ դատաւորն է Աշոտ Խաչատրեանը, որ 1962 թուականի Սեպտեմբեր 10-ի ծնունդ է: