Home ՍՓԻՒՌՔ Ուրուկուէյահայերը Մտահոգուած են Թուրքիոյ Վերջին Հակահայ Գործողութիւններու Կապակցութեամբ

Ուրուկուէյահայերը Մտահոգուած են Թուրքիոյ Վերջին Հակահայ Գործողութիւններու Կապակցութեամբ

by MassisPost

Ուրուկուէյի հայ համայնքի կազմակերպութիւնները յայտարարութիւն հրապարակած են խոր մտահոգութիւն յայտնելով թրքական վերջին հակահայ գործողութիւններուն կապակցութեամբ:

Յայտարարութեան մէջ նշուած են Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցիներու դէմ յարձակումները, Հրանդ Տինքի այրիի՝ Ռաքել Տինքի դէմ մահուան սպառնալիքները, Լիբանանի հայութեան դէմ արձանագրուած միջադէպերն ու նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի յայտարարութիւններն ու որոշումները Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութիւնը խորացնելու նպատակով:

Ուրուկուէյահայ համայնքի կազմակերպութիւնները կը խնդրեն երկրի իշխանութիւններէն ու հասարակութենէն ուշադիր հետեւիլ այս իրադարձութիւններու զարգացման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment