Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մէկ Օրուայ Covid-19-ի Դէպքերու Մեծ Թիւը Պայմանաւորուած Է Կատարուած Հետազօտութիւններու Մեծ Քանակով

Մէկ Օրուայ Covid-19-ի Դէպքերու Մեծ Թիւը Պայմանաւորուած Է Կատարուած Հետազօտութիւններու Մեծ Քանակով

by MassisPost

Վերջին մէկ օրուայ ընթացքին, «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու թիւը Հայաստանի մէջ աւելցած է 711-ով, Յունիս 23-ին կատարուած է 2283 հետազօտութիւն։ Վերջին անգամ այս ցուցանիշէն բարձր ցուցանիշ գրանցուած էր անցեալ շաբաթ նոյն օրը՝ Յունիսի 17-ին, երբ մէկ օրուայ մէջ հաստատուած էր 746 դէպք։

Ըստ առողջապահութեան նախարարի խօսնակին` հաստատուած դէպքերու մեծ թիւը պայմանաւորուած է կատարուած հետազօտութիւններու մեծ թիւով. – «Այսօր 711 թիւը, որ դուք շեշտում էք, դա այդքան էլ արտառոց թիւ չի, քանի որ բաւականին մեծ թուով հետազօտութիւններ են կատարուել. կատարուել է շուրջ 2 հազար 283 հետազօտութիւն, ինչի դէպքում նորմալ թիւ է, այսինքն` մնացած օրերի հետ համեմատած որեւէ բարձր ցուցանիշ, այսպէս ասած, չունենք: Կարելի է ասել` նոյնն է, տատանուում է, նոյն վիճակագրութիւնն է», – ըսաւ Ալինա Նիկողոսեան:

Երէկ «Քորոնա» ժահրէն մահացած է 14 մարդ, բոլորը ունեցած են ուղեկցող հիւանդութիւններ։ Հաղորդուած է, որ եւս 4 մարդ մահացած է այլ պատճառով, սակայն ունեցած է նաեւ հաստատուած «Քորոնա» ժահր:

Երէկ աւելցած է նաեւ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը՝ 653-ով, բուժուածներու ընդհանուր թիւը այժմ 10797 է, իսկ փաստացի այս պահուն բուժուողներու թիւը` 10404 մարդ: «Նշեմ, որ այսօր ժամը 9-ի դրութեամբ մէկ հոգի տանն է սպասում եւ 35 հոգի` զտման կեդրոններում, այսինքն` որտեղ ախտորոշուել է իրենց մօտ «Քորոնա» ժահրը, եւ պէտք է տեղափոխուեն արդէն բժշկական կեդրոն: Նրանց թիւը ընդհանուր 36 է, մէկը տանն է սպասում, եւ արդէն օրուայ ընթացքում դա շարունակական գործընթաց է, եւ վերջիններս  կը տեղափոխուեն հիւանդանոց», – փոխանցեց Ալինա Նիկողոսեան:

Հայկական արտադրութեան «Քորոնա» ժահրի հաստատման ՊՇՌ հետազօտութեան միջոցները պատրաստ են, եւ շուտով արդէն կը սկսի անոնց կիրառումը։ Այս մասին տեղեկացանք առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեանի գրառումէն։ Նախարարը գրած է. «Սա շատ լուրջ առաջընթաց է Հայաստանի բժշկագիտութեան եւ հիմնարար գիտութիւնների համար»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment