Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Լուսաւոր Հայաստանը ՍԴ-ին կը Դիմէ Միայն Քոչարեանի Գործով ՍԴ-ի Որոշումէն Յետոյ

Լուսաւոր Հայաստանը ՍԴ-ին կը Դիմէ Միայն Քոչարեանի Գործով ՍԴ-ի Որոշումէն Յետոյ

by MassisPost

Ազգային ժողովի Լուսաւոր Հայաստան խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեան այսօրուայ ասուլիսին յայտնեց, որ Սահմանադրական դատարան կը դիմեն միայն Յուլիս 7-ին, երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի գործով ՍԴ-ի կայանալիք նիստէն յետոյ։

Մարուքեանի խօսքով՝ կայ պնդում, որ այս գործընթացը առնչութիւն ունի ՍԴ-ին մէջ Քոչարեանի գործի քննութեան հետ, որ նախատեսուած է Յուլիս 7-ին։ Եւ Լուսաւոր Հայաստանը որեւէ ձեւով պիտի չմիջամտէ իրաւական գործընթացին, որպէսզի չընկալուի, որ իրենք եւս կը փորձեն միջամտել գործընթացին։

Մարուքեան ըսած է, որ իրենք կը շարունակեն աշխատիլ դիմումին հետ, եւ Քոչարեանի գործով քննութիւնը աւարտելէն յետոյ, ՍԴ կը մուտքագրուի ընդունուած փոփոխութիւնները հակասահմանադրական ճանաչելու հետ կապուած դիմումը։

Էտմոն Մարուքեան ըսած է, որ թոյլ պիտի չտան, որ կողմերէն մէկը ի շահ իրեն ծառայեցնէ գործընթացը։

Յիշեցնենք, որ ՍԴ դիմելու համար ստորագրահաւաք նախաձեռնած է ԲՀԿ-ն, սակայն ստորագրութիւններու քանակը բաւարար չըլլալու համար, ԲՀԿ-ն դիմած է Լուսաւոր Հայաստանին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment