Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ը Ատրպէյճանին Կոչ Ուղղած է Առաւել Թափանցիկ Ըլլալու Զօրավարժութիւնները Կատարելու Հարցով

ԱՄՆ-ը Ատրպէյճանին Կոչ Ուղղած է Առաւել Թափանցիկ Ըլլալու Զօրավարժութիւնները Կատարելու Հարցով

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները անցեալ տարուայ օգոստոսէն ի վեր կոչ կ’ուղղէ Ատրպէյճանին առաւել թափանցիկ ըլլալու զօրավարժութիւնները կատարելու հարցով, յաւելեալ տեղեկութիւններ ներկայացնելով անոնց չափի եւ նշանակութեան մասին:

«Ըստ Վիեննայի համաձայնագիրին, Ատրպէյճանը պարտաւոր էր տեղեակ պահել առնուազն մէկ լայնածաւալ զօրավարժութեան մասին, ինչ որ չէ ըրած», – փաստած է Արտաքին գործոց նախարարութիւնը  «Սպառազինութիւններու վերահսկողութեան մասին» ամէնամեայ զեկոյցին մէջ։

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը  յիշեցուցած է, որ անցեալ տարի Պաքուն, ըստ իր իսկ Պաշտպանութեան նախարարութեան, առնուազն երեք լայնածաւալ զօրավարժութիւններ կատարած է 10 հազար զինուորականներու, հարիւրաւոր հրասայլերու, խոշոր զրահամեքենաներու ու օդուժի ներգրաւումով, սակայն որեւէ մէկ պարագային անոնց վերաբերեալ տեղեկութիւն չէ տրամադրած Ուաշինկթոնին։

Ատրպէյճանը կը շարունակէ խախտել իր պարտաւորութիւնը, ամրագրած է զեկոյցը, մանրամասնելով, որ «2019-ի օգոստոսին Միացեալ Նահանգները Ատրպէյճանին փոխանցած է թափանցիկութեան պակասի վերաբերեալ իր մտահոգութիւնները»։

Քոնկրէսին ներկայացուած հաշուետուութեան մէջ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծած է,  որ պիտի շարունակէ հետամուտ ըլլալ այս հարցին եւ առաջիկային եւս Ատրպէյճանի հետ երկկողմանի ու բազմակողմանի հանդիպումներուն, կարեւորութիւն պիտի տայ ռազմական գործողութիւններու մասին համապարփակ եւ ճիշդ ժամանակին տեղեկութիւն ներկայացնելու անհրաժեշտութեան։

«Զորավարժութիւնները, որոնց մասին չի հաղորդուիր կամ ամբողջ տեղեկատուութիւնը չի տրամադրուիր, հարուածի տակ կը դնեն Վիեննայի համաձայնագիրը», – արձանագրած է ԱԳ նախարարութեան զեկոյցը։

Համաձայնագիրը ընդունուած է Եւրոպայի մէջ Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) հովանիի ներքոյ 2011 թուականին, անվտանգութեան ոլորտին մէջ անդամ երկիրներու միջեւ վստահութիւնը ամրապնդելու, սպառազինութիւններու նկատմամբ վերահսկողութիւն սահմանելու նպատակով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment