Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հասանով․ «Շփման Գիծի Երկայնքով Տեղադրուած Ամերիկեան Սարքաւորումներու Պատճառով Չենք Կրնար Հրազէնով Թիրախաւորել Հայերը»

Հասանով․ «Շփման Գիծի Երկայնքով Տեղադրուած Ամերիկեան Սարքաւորումներու Պատճառով Չենք Կրնար Հրազէնով Թիրախաւորել Հայերը»

by MassisPost

«Ազատութիւն» ռատիոկայանի   հաղորդմամբ՝ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար՝ Զաքիր Հասանով յայտարարած է որ, վերջին երկու տարիներուն շփման գիծին վրայ նկատուող համեմատական անդորրի գլխաւոր պատճառներէն մէկը Հայաստանին մատակարարուած ամերիկեան պաշտպանական  սարքերն են։ Այս մասին Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարը յայտարարեց կիրակի օր՝ Պաքուէն հեռարձակուող ռուսալեզու CBC կայանի եթերով։

«Հայերը, Միացեալ Նահանգներ գտնուող իրենց հովանաւորներու շնորհիւ, ռազմական նշանակութեան սարքաւորումներ ձեռք բերած են եւ տեղադրած են զանոնք ռազմաճակատի գիծի երկայնքով։ Խօսքը՝ դիտարկութեան համակարգերի մասին է։ Հայերը այդ սարքաւորումները տեղադրած եւ յետ քաշուած են, որպէսզի մենք չկրնանք զիրենք թիրախաւորել հրաձգային զէնքով», – յայտարարած էր Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը։

Ատրպէյճանական հեռուստակայանի   մը իր  տուած  հարցազրոյցին ընթացքին, Զաքիր Հասանովը թափանցիկ կերպով ակնարկած էր իր ենթակայութեան տակ գտնուող ստորաբաժանումներու աշխուժ քայլերը կաշկանդող եւս մէկ գործօնի մասին։ Խօսքը՝ առաջնագիծին վրայ տեղակայուած Ատրպէյճանական զօրքերու թիկունքին, յենակէտերու անմիջական հարեւանութեամբ գտնուող բնակավայրերու մասին է։ Ըստ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարին՝ այս առումով հայերը աւելի շահեկան դիրքի մէջ են։ «Հայկական կողմէն շփման գիծի երկայնքով բնակավայրեր չկան», – նշած էր Հասանովը։

Ըստ Հասանովի, Ատրպէյճանական բանակը կը շարունակէ զօրավարժութիւններուն ընթացքին, սեփական կարիքներուն յարմարցնել այն սպառազինութիւնը, որ ձեռք բերուած է վերջին տարիներուն, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, Սպանիայէն մինչեւ Ռուսաստան, Իսրայէլէն՝ Պելառուսիա։ Զաքիր Հասանովի խօսքով՝ ի դէպ, միայն ռուսական եւ իսրայէլական արտադրութեան զէնքերու ձեռքբերման վրայ, Ատրպէյճանը 10 միլիառ ամերիկեան տոլար ծախսած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment