Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Հաստատուած է «Քորոնա» Ժահրի 459 Նոր Դէպք եւ Ապաքինուած է 706 Քաղաքացի

Հայաստանի Մէջ Հաստատուած է «Քորոնա» Ժահրի 459 Նոր Դէպք եւ Ապաքինուած է 706 Քաղաքացի

by MassisPost

Վերջին մէկ օրուայ ընթացքին, Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան 459 նոր դէպք։ Առողջացած է 706 քաղաքացի։ Մինչեւ այսօր, բուժուածներու ամենամեծ թիւը արձանագրուած էր միայն Յունիս 17-ին՝ 746։

Երէկ՝ Յունիս 18-ին, կատարուած է մօտ 2000 հետազօտութիւն, որոնցմէ դրական եղած են շուրջ 24 տոկոսը։ Երէկ «Քորոնա» ժահրէն մահացած է 10 մարդ, բացի 57 տարեկան տղամարդէն, մնացածը ունեցած են ուղեկցող հիւանդութիւններ։ Վարակուած 9 մարդ ալ մահացած է այլ պատճառներով։

Առողջապահութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ՝ Ալինա Նիկողոսեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց. «Նախորդ օրն արձանագրուել է մահուան 9 դէպք, երբ հիւանդների մօտ հաստատուել է «Քորոնա» ժահրի վարակը, սակայն մահը այլ հիւանդութեան պատճառով է վրայ հասել եւ այդպիսի դէպքերի ընդհանուր թիւը 110 է: Այսօրուայ մահացածների մէջ ամենաերիտասարդը 50-ամեայ կին է, իսկ ամենատարեցը՝ 94-ամեայ տղամարդ»:

Ընդհանուր առմամբ՝ մինչեւ այսօր «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան 19157 դէպք արձանագրուած է, 8266 մարդ առողջացած է, փաստացի բուժուողներուն թիւը 10462 է, մահացած է 319 մարդ, իսկ այլ պատճառով մահուան դէպքերը՝ 110։ Առայսօր եղած է 91943 հետազօտութիւն։

Այսօր, Լիթուանիայէն Հայաստան պիտի ժամանեն 8 բուժաշխատող եւ 3 մասնագէտ։ Անոնք իրենց հետ պիտի բերեն նաեւ «Քորոնա» ժահրի  հետազօտութիւններու միջոցներ ու բժշկական այլ անհրաժեշտ պարագաներ։ Հայաստանի եւ Սերպիոյ նախագահներու պայմանաւորուածութեան շնորհիւ, այսօր յատուկ չուերթով Հայաստան ժամանած է բժշկական պարագաներով ու սարքաւորումներով բեռնուած առաջին օդանաւը:

Շաբթուայ սկիզբը նաեւ Ֆրանսայէն բժիշկներու խումբ եկած էր Հայաստան, անոնք արդէն սկսած են գործունէութիւն ծաւալել «Քորոնա» ժահրի հիւանդներու բուժմամբ զբաղող հիւանդանոցները։ Կ’ակնկալուի, որ եւս 50 բժիշկ Հայաստան ժամանէ Ռուսաստանէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment