Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փարամազ, Ցեղապաշտութիւն, Խտրականութիւն

Փարամազ, Ցեղապաշտութիւն, Խտրականութիւն

by MassisPost

ՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Անցնող երկու շաբաթներու ընթացքին Ամերիկայի տարածքին տեղի ունեցող ցեղապաշտութեան (racism) եւ խտրականութեան (discrimination) դէմ բողոքի բազմաթիւ ցոյցերը տարբեր մակարդակի ազդեցութիւններ ունեցան ժողովուրդի տարբեր խաւերուն վրայ: Բնականաբար հայերս ալ անմասն չէինք կրնար մնալ ու մեր համայնքի մէջ ալ միանշանակ չընկալուեցան անոնք: Բայց մեզմէ քանի՞ներ արդեօք  մտաբերեցին այն վերաբերմունքը, որ 1890-ական թուականներէն սկսեալ Ամերիկա ժամանած առաջին հայերը ստացան, իրենցմէ առաջ այստեղ հաստատուած տեղացիներուն կողմէ: Ի՞նչ պիտի ըլլար մեր հակազդեցութիւնը այսօր, եթէ մեր սերունդն ալ ենթարկուէր նոյնպիսի վերաբերմունքի: Ի՞նչի եւ ո՞րոնց կը պարտինք տարիներու վրայ երկարող այս վերաբերմունքի վերափոխումը: Հարցումներ, որոնց պատասխաններու որոնման համար կ’արժէ միտք աշխատցնել եւ ըստ այնմ վերարժեւորել մեր մօտեցումները: Հարցումներ, որոնք մեզ պէտք է տանին դէպի մեր անցեալը եւ այդ լոյսի տակ դիտել եւ արժեւորել ներկան:

Դարեր շարունակ մեր ժողովուրդը այդ երկու չարիքներուն զոհ դարձած է եւ կրած անոնց ահաւոր հետեւանքները: Այդ չարչարանքներուն կուտակումն էր, որ մեզ մերթ ընդ մերթ մղած էր  փրկիչներ որոնելու դուրսէն, Իսրայէլ Օրիի եւ Յովսէփ Էմինի օրինակներով: Այդ չարչարանքներուն կուտակումն էր, որ մեզ մերթ ընդ մերթ մղած էր ապստամբելու այդ անարդարութեանց դէմ Զէյթունի եւ Սասունի օրինակներով: Այդ չարչարանքներուն կուտակումն էր, որ մղած էր Փարամազի նման գաղափարապաշտներ, ներսէն բարեփոխելու փորձեր կատարելու: 1898-ին իր առաջին դատավարութեան ընթացքին, ան կը յայտարարէր. «Մեր ցանկութիւնն է, պարտքն է ստեղծել ինքնավար Հայաստան մը սոցիալիստական վարչակարգով, ուր բնակուողները, առանց ցեղի եւ դավանանքի խտրութեան, ապրին սիրով, եղբայրաբար, ազատ քաղաքական եւ տնտեսական ճնշումներից»:

Քաջ գիտակցելով, որ այս չարիքները ի գործ կը դրուին խաւի մը կողմէ, որ իր առանձնաշնորհումները տարածելու եւ պարտադրելու համար բաժանարար գիծեր կը ստեղծէ, 1909-ին  Տիարպեքիրի Արղանամադեն գաւառի մէջ կայացած հրապարակային ժողովի մը ընթացքին ան կը յայտարարէր. «Հայ, թուրք, քուրդ եւ այլ աշխատաւորները իրենց շահերուն եւ ընդհանուրի շահերուն համար պէտք է համերաշխ ապրին իրարու հետ, որովհետեւ բոլորիդ ալ շահերը նոյնն են, միմիանց շղթայուած: Մէկիդ վնասը միւսին վնասն է, իսկ շահը՝ միւսին շահը: Թոյլ մի տաք, որ ձեր միջեւ ատելութիւն սերմանեն ուրիշներ, բաժնեն ձեզ իրարմէ՝ իրենց տիրապետութիւնը յաւերժացնելու համար»:

Այդ բաժանարար գիծերը վերացնելու համար, 1910-ին  Խարբերդի մէջ,  հրապարակային դասախօսութեան մը ընթացքին ան կը պատգամէր. «մարդիկ, առանց գոյնի, դավանանքի եւ ազգային խտրականութեան, եղբայրներ են, զիրար շահագործելու իրաւունք չունին. մէկ խօսք՝ մէկը ամէնքի, ամէնքը մէկի համար սկզբունքն է շիտակը, արդարը եւ աստուածայինը»:

Աւելի քան հարիւրամեակ մը անցած է Փարամազի պատգամած գաղափարներէն եւ շնորհիւ իր նմաններուն անձնազոհ նուիրման, մենք այսօր աւելի բարեկեցիկ պայմաններ կը վայելենք: Որքան շատ տարածուին եւ գործադրութեան դրուին այդ գաղափարները, այնքան աւելի մօտեցած կ’ըլլանք անոնց տեսիլքի իրականացման, աշխարհի որ տարածքին վրայ ալ գտնուինք:

Ուրեմն եկէք, Փարամազի եւ իր 19 ընկերներուն նահատակութեան 105-ամեակին առթիւ, ուխտենք շարունակել անոնց սկսած գործը, ձայնակցելով այդ գործի իրականցման համար պայքարի առաջին գծի վրայ գտնուող Թուրքիոյ Խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլանին. «Փարամազն ու իր 19-ը ընկերները 15 Յունիս 1915-ին երբ կախաղան կը հանուէին Պէյազիթի հրապարակին վրայ, իրենց վերջին խօսքը եղաւ հետեւեալը. «Դուք կարող էք կախել միայն մեր մարմինները, իսկ մեր գաղափարը՝ ոչ»: Կը շարունակուի Քսաններու՝ հաւասարութեան եւ ազատութեան համար մղած պայքարը… Յարգանքով կը խոնարհիմ իրենց վառ յիշատակին առջեւ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment