Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Գագիկ Ծառուկեանի Կալանքի Միջնորդութեան Քննութիւնը Յետաձգուեցաւ

Գագիկ Ծառուկեանի Կալանքի Միջնորդութեան Քննութիւնը Յետաձգուեցաւ

by MassisPost

ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը դուրս եկաւ դատարանի դահլիճէն, կալանքի միջնորդութեան քննութիւնը յետաձգուեցաւ: Նիստը, պիտի շարունակուի 18 Յունիսին՝ ժամը 16:30-ին։

ԲՀԿ անդամները լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած էին, որ կ’ակնկալեն դատարանի անաչառ որոշումը, հակառակ պարագային կանգ պիտի չառնեն եւ պիտի շարունակեն պայքարը` պահանջելով նաեւ կառավարութեան հրաժարականը:

Մինչ նիստի աւարտը դատարանի բակէն նաեւ բերման ենթարկուեցան շարք մը աջակիցներ:

 Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան առաջնորդը Յունիս 16-ի երեկոյեան, ԱԱԾ-էն դուրս ելլելէն յետոյ ըսած էր, որ այսօր կ’ենթադրուի իր կալանքի հարցին քննութիւնը։ Ծառուկեանի փաստաբանը «Ազատութեան» փոխանցեց, որ Ծառուկեանին մեղադրանք առաջադրուած է. – «154.2 յօդուածով (ընտրողի կողմից թեկնածուներից, կուսակցութիւններից (կուսակցութիւնների դաշինքներից), հանրաքուէի քարոզչական նախաձեռնութիւններից կաշառք ստանալը կամ թեկնածուների, կուսակցութիւնների (կուսակցութիւնների դաշինքների), հանրաքուէի քարոզչական նախաձեռնութիւնների կողմից ընտրողներին կաշառք տալը կամ ընտրողի ազատ կամքի իրականացմանը խոչընդոտելը)` ընտրակաշառքների հետ կապուած»:

Էմին Խաչատրեան ըսաւ, որ Ծառուկեանը մեղադրանքը չ’ընդունիր եւ զայն կ’որակէ ապօրինի. – «Ապօրինի, չհիմնաւորուած մեղադրանք»:

Քանի մը ժամ տեւողութեամբ հարցաքննութենէն յետոյ, Ծառուկեան դուրս ելաւ ԱԱԾ-էն յայտարարելով, որ կ’երթայ տուն եւ կրկին շեշտելով, որ իրեն վերագրուող քրէական գործերը շինծու են. – «Կը հարցնէք հիմնական իրաւապահ մարմիններին, թող պատասխանեն, որեւիցէ մի բան իմ հետ կապուած չկայ, որեւիցէ մի խնդիր չկայ, որեւիցէ մի հարցով կառավարման հետ ես ոչ մի կապ չունեմ: Կան կառավարիչներ, իսկ մնացածի հետ որեւիցէ մէկը, եթէ բան կայ ասելու, կարայ գայ առերեսման: Սա շինծու, սարքած գործ է, դատարանում կը քննուի, բոլորդ դա կը տեսնէք»:

Բացի 2017 թուականի ընտրութիւններուն ընտրակաշառք բաժնելու գործէն, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտնած է Ծառուկեանին առնչուող եւս երկու գործի մասին։ Անոնցմէ մէկը կը վերաբերի Ծառուկեանի «Մուլթի կրուփ» գործարանին մաս կազմող «Օնիրա քլապ» ընկերութեան։ ԱԱԾ-ն կը յայտնէ, որ Հայաստանի տարբեր վայրերը շահումով խաղերու եւ խաղատան գործը կատարող այս ընկերութիւնը առանց արտօնագրի գործած է, պետութեան պատճառելով մօտ 30 միլիառ դրամի կամ 60 միլիոն տոլարի վնաս։ Ըստ ԱԱԾ-ին՝ մէկ այլ դրուագով՝ «Օնիրա քլապը» մոլորութեան մէջ ձգած է պատկան մարմինները եւ պետութիւնը զրկած 40 միլիառ դրամի չափով ներդրումէ:

Իսկ միւսը՝ Ծառուկեանի հայրենի Առինջի պաշտօնատար անձերու գործողութիւններուն կը վերաբերի։ Այս պարագային անոնք, ըստ ԱԱԾ-ի, պետութեան էական վնաս պատճառած են, երբ գիւղատնտեսական նշանակութեան հողատարածքը Ծառուկեանին պատկանող վաճառանիշ «Նիւ» Սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութեան (ՍՊԸ) -ի կողմէ օգտագործուած է որպէս արդիւնաբերական նշանակութեան, որու հետեւանքով պետութեան պատճառած է գրեթէ 380 միլիոն դրամի կամ 804 հազար տոլարի վնաս։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment