Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողանի Գլխաւորութեամբ Քննարկուած են Հայկական Լոպպիին Հակազդելու Քայլերը

Էրտողանի Գլխաւորութեամբ Քննարկուած են Հայկական Լոպպիին Հակազդելու Քայլերը

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի բարձրագոյն խորհրդատուական մարմինը նիստ գումարած է նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ։ Նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու վարչութեան ղեկավար՝ Ֆահրեթթին Ալթունը  5 ժամ տեւողութեամբ դռնփակ խորհրդակցութեան վերաբերեալ յայտարարութիւն տարածած է ։ Ալթուն յայտնած է, որ խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են այն գործողութիւնները, որոնք պէտք է կատարուին ընդդէմ «1915 թուականի դէպքերու վերաբերեալ Թուրքիոյ նկատմամբ ներկայացուող պնդումներուն»։ Այս մասին կը յայտնէ Ermenihaber.am-ը։

Ալթուն մասնաւորապէս նշած է.

«Ժողովին քննարկուած են համապարփակ քայլերը, որոնք պիտի կանխեն հայկական լոպպիին, որ Թուրքիոյ եւ մեր ազգին սեւցնելու համար 1915-ի դէպքերը որպէս գործիք կ’օգտագործէ, եւ այս հարցը քաղաքական նպատակով շահարկող երկիրներու, իրականութեան հետ կապ չունեցող պնդումներուն վրայ հիմնուած քարոզչութիւնը։ Քննարկուած են նախագիծեր եւ գործողութիւններ, որոնք հնարաւորութիւն կու տան հարցի պատմական եւ իրաւական փաստերով ներկայացնելու թրքական եւ միջազգային հանրութեան»։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ նախագահի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած ժողովին մասնակցած են խորհուրդի անդամներ՝ Իսմայիլ Քահրամանը, Պիւլենթ Արընչը, Ճեմիլ Չիչեքը, Քէօքսալ Թոփթանը, Մեհմեթ Ալի Շահինը, Եըլտըրըմ Աքպուլութը, նախագահի աշխատակազմի ղեկավար՝ Մեթին Քըրաթլըն եւ նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու վարչութեան ղեկավար՝ Ֆահրեթթին Ալթունը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment