Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ-ի Դեսպանը «Քորոնա» Ժահրը Յաղթահարելու Աջակցութեան Պատրաստակամութիւն Յայտնած է ՀՀ-ին

ԱՄՆ-ի Դեսպանը «Քորոնա» Ժահրը Յաղթահարելու Աջակցութեան Պատրաստակամութիւն Յայտնած է ՀՀ-ին

by MassisPost

Առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեան հանդիպած է Հայաստանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան՝ Լին Թրեյսիի, ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան (ՄԶԳ) հայաստանեան առաքելութեան տնօրէն՝ Տեպորա Կրիզերիի եւ ԱՄՆ-ի ՄԶԳ ծրագիրի ղեկավար՝ Աստղիկ Գրիգորեանին հետ:

Նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն փոխանցեցին, որ քննարկուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան ներկայ իրավիճակը, Առողջապահութեան Նախարարութեան ռազմավարութիւնը եւ համագործակցութենէն սպասուելիք ընելիքները:

Առողջապահութեան նախարարի կարծիքով` «Քորոնա» ժահրի հետ պայմանաւորուած իրավիճակը առիթ մըն է, մարզերուն մէջ բժշկական հաստատութիւններու վիճակը բարելաւելու եւ բուժաշխատողներու հետ վերապատրաստման դասընթացքներ կատարելու համար:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան դէմ պայքարին, Լին Թրեյսին դրական գնահատած է կառավարութեան, հանրութեան հետ երկխօսութիւնը, կարեւորած է տեղեկատուութեան թափանցիկութիւնը հանրային վստահութիւն ձեւաւորելու հարցով:

Դեսպանը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու Հայաստանին «Քորոնա» ժահրը յաղթահարելու հարցով, շեշտելով, որ առողջապահական համակարգի կարիքները առաջնային են:

ԱՄՆ-ի ՄԶԳ-ն Հայաստանին յատկացուցած է աջակցութիւն, ՄԱԿ-ի գործակալութիւններու միջոցով անհրաժեշտ (ՊՇՌ) հետազօտութիւններ, սարքեր, անհատական պաշտպանիչ միջոցներ ձեռք բերելու նպատակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment