Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – 105 Տարիներ Ետք` Քսաններուն Պատգամը Կը Մնայ Այժմէական

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – 105 Տարիներ Ետք` Քսաններուն Պատգամը Կը Մնայ Այժմէական

by MassisPost

1915 թուականի Յունիսի 15-ին, Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացան Հնչակեան կուսակցութեան քաղաքական փաղանգի քսան` ամենէն կարկառուն դէմքերը, որոնք անցնելով օսմանեան կայսրութեան դէմ Հայ ժողովուրդի մղած պայքարներու բովէն ու կուտակելով յեղափոխական գործունէութեան երկարամեայ փորձ, կը ծրագրէին զայն ծառայեցնել Արեւմտահայութեան սպառնացող դաժան ճակատագրի ընթացքը շեղելու եւ Ցեղասպանութիւնը կանխելու նպատակին:

Այդ սարսափազդու օրուանէն մօտ երկու տարիներ առաջ` 1913 թուականի Սեպտեմբերին, Ռումանիոյ Կոստանցա քաղաքին մէջ կայացած Հնչակեան կուսակցութեան 7-րդ Համագումարը, կանխատեսելով համազգային վտանգը, որոշած էր ահաբեկել Հայութեան ոչնչացումը ծրագրող եւ ի վերջոյ գործադրութեան դնող` Երիտ Թուրքերու իշխող կուսակցութեան ղեկավարները` Թալեաթը, Էնվէրը եւ Ջեմալը: Այդ վճռական ծրագրի գործադրութեան գլխաւոր ղեկավարը կը հանդիսանար Մեղրիի զաւակ Մաթէոս Սարգիսեան, որ ծանօթ էր Փարամազ անունով:

Պոլիս վերադառնալէ ու նախապատրաստական աշխատանքներու ձեռնարկելէն ետք, Փարամազ եւ իր ընկերները զոհ գացին մատնութեան: Փակուեցան Կուսակցութեան գրասենեակներն ու թերթերը: Ձերբակալուեցան բազմաթիւ գործիչներ, որոնցմէ քսանը հետագային դատապարտուեցան մահուն` իրենց բախտը նոյնանալով Հայ ժողովուրդի 1,5 միլիոն զոհերու ճակատագրին հետ:

Ամէն տարի այս օրերուն նշելով Քսաններուն տարելիցը, մենք վեր կ՛առնենք անոնց պատգամները, որոնք կը մնան արդիական ու նպատակները իրագործելի մեր ներկայ իրականութենէն ներս: Փարամազ եւ իր նուիրել ու խիզախ ընկերներու հոյլը կախաղանի վրայ իրենց արտասանած վերջին խօսքերով կանխատեսեցին Հայ ժողովուրդի ապագան: «Վաղը արեւելքի հորիզոնին դուք պիտի ողջունէք ազատ ու ընկերվար Հայաստանի ծնունդը», «Դուք մեզ քսաններս կը կախէք, սակայն քսան հազարներ պիտի գան մեր գործը շարունակելու» աւետեցին անոնք:

Եղեռնէն ու Քսան Կախաղաններէն երեք տարիներ ետք Արարատի փէշերուն հիմը դրուեցաւ Հայաստանի պետականութեան, որ անցնելով տարբեր հանգրուաներէ մինչեւ օրս կը գոյատեւէ, աշխարհացրիւ Հայութեան հայեացքը սեւերելով իր վրայ: Այսօրուայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Քսաններուն եւ մեր ժողովուրդի երազներու մասնակի իրականցումն է: Ժողովրդավարութեան, հաւասարութեան ու ընկերային արդարութեան ամրապնդումը կը մնան գերնպատակներ, որոնց իրականացման ճամբուն վրայ մեր Հայրենիքը կը հանդիպի բազում դժուարութիւններու, սակայն անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ կը նշմարուին շօշափելի ու յուսադրիչ քայլեր:
Խորհրդային համակարգէն դէպի դրամատիրականի անցումը եղաւ խիստ դաժան մեր ժողովուրդին համար:

Վերացաւ միջին դասակարգը ու յառաջ եկաւ փոքրաթիւ հարուստներու ընտրեալ խաւ մը, որու կողքին առօրեայ գոյութեան պայքար կը մղէ աղքատ մեծամասնութիւնը: Քսաններուն կուսակցութիւնը՝ ՍԴՀԿ-ն որպէս ժողովրդավարութեան ու ընկերվարութեան սկզբունքներուն հաւատացող ու անոնց արժէքները կրող կազմակերպութիւն, պարտաւորութիւնը ունի ստանձնելու իր ուրոյն տեղը Հայաստանի քաղաքական թատերաբեմին վրայ, ձերբազատելու համար կոշտ դրամատիրութեան յոռի փառքերէն ու կառուցելու ընկերային արդարութեան հիմունքներուն վրայ ամրակայուած օրինակելի պետութիւն, որպէս միակ երաշխիք մեր երկրի ապագայ զարգացման ու բարգաւաճման:

Իրենց նահատակութենէն 105 տարիներ ետք, Քսաններուն գաղափարախօսութիւնը ունի նաեւ իր հետեւորդները նոյնինքն Թուրքիոյ մէջ: Վերջին տարիներուն Քսաններուն մասին գրականութիւն եւ վաւերագրական ֆիլմեր կը տարածուին այն հողին վրայ, ուր պայքարեցան անոնք, ո՛չ միայն Հայութեան, այլ միւս ժողովուրդներու իրաւունքներուն համար եւս: Այդ հետեւորդները քաջութիւնը ունեցան, մի քանի տարի առաջ Քսաններուն յիշատակը պանծացնելու Պոլսոյ նոյն այդ հրապարակին վրայ, ուր ճօճեցան անոնց մարմինները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment