Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սեդրակ Առուստամեան ՔԿ-ի Հաշիւին Վերականգնած է Աւելի Քան Երկու Միլիոն Տոլար

Սեդրակ Առուստամեան ՔԿ-ի Հաշիւին Վերականգնած է Աւելի Քան Երկու Միլիոն Տոլար

by MassisPost

«Հիւսիս-Հարաւի» գործով մեղադրեալ, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի ընտանիքին պատկանող «Մուլթի կրուփ» ընկերութեան կառավարիչ՝ Սեդրակ Առուստամեանը Քննչական կոմիտէի աւանդ հաշւոյն վերականգնած է 1 միլիառ դրամ՝ (աւելի քան երկու միլիոն տոլար ) որպէս վնասի վերականգնման երաշխիք։

Գագիկ Ծառուկեանի ընտանիքին պատկանող ձեռնարկատիրութեան կայսրութեան կառավարիչը «Հիւսիս-հարաւի» գործով մեղադրուուած է առանձնապէս խոշոր չափերով հարկեր վճարելէ խուսափելու, կեղծ ձեռնարկատիրութեան եւ փողերու լուացման համար:

Առուստամեանը եւս երկու տարբեր քրէական գործերով կ’անցնի, որոնցմէ մէկը թերեւս աննախադէպ չափով կաշառք տալու գործն է։ Ըստ մեղադրանքին, Առուստամեանը Պետական եկամուտներու կոմիտէի (ՊԵԿ) նախկին նախագահ Գագիկ Խաչատրեանին, անոր երկու որդիներու միջոցով աւելի քան 22 միլիոն տոլար կաշառք տուած է։

Գագիկ Ծառուկեանի մտերիմը իրեն առաջադրուած որեւէ մեղադրանք չէ ընդունած։ Ան ապրիլէն ի վեր կալանքի տակ է։

«Ազատութեան» հետ զրոյցին, անոր փաստաբան՝ Յովիկ Սուքիասեան պարզաբանեց, թէ մեղադրանքը չընդունող Առուստամեան ինչու 1 միլիառ դրամ վճարած է պետութեան. – «Վնասի վերականգնում չի արուի, որովհետեւ մենք գտնում ենք, որ վնաս չկայ: Բայց որպէսզի քննչական մարմինը համոզուած լինի, որ եթէ վնաս լինի, մենք վերականգնելու ենք, այո, մէկ միլիառ դրամ որպէս երաշխիք վճարել ենք մենք: Ո՛չ, կանխավճար չենք տուել դա. ընդամէնը երաշխիք, որ եթէ կ’ապացուցէք, որ մենք վնաս ենք պատճառել պետութեանը, մենք պատրաստ ենք»:

Աննախադէպ որակելով քրէական գործի ծաւալը, Գլխաւոր դատախազութիւնը այսօր յայտնած է, որ քննութեան ընթացքին բացայայտուած է պաշտօնէական ու տնտեսական յանցագործութիւններու բազմաթիւ դրուագներ, այս գործով արդէն 29 մարդ ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ: Անոնցմէ 4-ը գործող եւ նախկին պաշտօնեաներ են, իսկ միւսները՝ ճանապարահաշինական ծրագիրին մէջ ընդգրկուած կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ աշխատակիցներ:

Իրաւապաշտպան Նինա Կարապետեանց «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ, որ բոլորն ալ կը տեսնէին, թէ ինչ կը կատարուի Հայաստանի հիւսիսը հարաւին կապող ճանապարհի հետ։ Շուրջ 10 տարի հայաստանցիները կը տեսնէին, որ խոստացուած ճանապարհը չի կառուցուիր։

Կարապետեանցի կարծիքով, պատասխան պէտք է տան նաեւ իրաւապահները, որոնք մինչեւ յեղափոխութիւն աչք փակած են այս յանցագործութեան վրայ. – «Փաստը մնում է փաստ. փողերը չկան, ճանապարհը չկայ, եւ դրա համար կան պատասխանատուներ: Բայց ինձ համար աւելի է կարեւոր, որ պատասխանատուութեան ենթարկուեն նրանք, ովքեր վերահսկողութիւն պիտի իրականացնէին ու չեն իրականացրել: Խօսքը իրաւապահների, դատախազութեան, ԱԱԾ-ի (Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան) եւ մնացած բոլորի մասին է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment