Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Թել Աւիւի Մէջ ՀՀ Դեսպանատան Բացումը Չի Կրնար Խաթարել Հայաստան-Իրան Յարաբերութիւնները․ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարի Ներկայացուցիչ

Թել Աւիւի Մէջ ՀՀ Դեսպանատան Բացումը Չի Կրնար Խաթարել Հայաստան-Իրան Յարաբերութիւնները․ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարի Ներկայացուցիչ

by MassisPost

Յունիս 10-ին տեղի ունեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մօտ ՀՀ դեսպան Ա. Թումանեանի հանդիպումը ԻԻՀ Արտաքին Գործոց Նախարար Կովկասի վարչութեան պետ՝ Մ. Ֆաղանիի հետ: Այս մասին կը տեղեկանանք Իրանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան ֆէյսպուքեան էջէն։

Դեսպան Թումանեան Մ. Ֆաղանիին տեղեկութիւններ ներկայացուց ԻԻՀ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան առջեւ Յունիս 9-ին տեղի ունեցած բողոքի հաւաքի մասին:

Մ. Ֆաղանին, նշելով Թել Աւիւի մէջ ՀՀ դեսպանութեան բացման կապակցութեամբ որոշակի դժգոհութիւններ, վստահութիւն յայտնեց, որ ան չի կրնար խաթարել երկու երկիրներու յարաբերութիւնները:

ՀՀ դեսպանը Յիշեցուց, որ Մարտ 15-ին, ԻԻՀ Արտաքին Գործոց Նախարար Եւրասիայի գլխաւոր վարչութեան պետ՝ Ա. Հաղիղիանի հետ հանդիպման ժամանակ հանգամանօրէն ներկայացուած են Թել Աւիւի մէջ ՀՀ դեսպանութեան բացման հիմնական նպատակները` երկկողմանի փոխ շահաւէտ յարաբերութիւններու զարգացում, Մերձաւոր արեւելեան տարածաշրջանին Հայաստանի ներկայացուածութեան ամրապնդում եւ Երուսաղէմի հայ պատմամշակութային հարուստ ժառանգութեան պահպանութիւն:

Թումանեան նշեց, որ երբեւիցէ Հայաստանը չէ ընդգրկուած հակաիրանական որեւէ քաղաքական նախագիծի մէջ եւ այսուհետ եւս կը բացառուի իրադարձութիւններու նման ընթացքը:

ՀՀ դեսպանը ընդգծեց, որ հայ-իրանական բարեկամական յարաբերութիւնները եղած եւ կը մնան Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը:

Մ. Ֆաղանին յստակ կերպով ընդգծեց, որ հայ-իրանական յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ: Ան գոհունակութեամբ նշեց, որ համավարակի պայմաններուն երկու երկրները կը շարունակեն պահպանել համագործակցութեան բարձր մակարդակը:

Զրուցակիցները անդրադարձան տնտեսական (անոնց կարգին՝ ԵԱՏՄ շրջանակներու), մշակութային, մարդասիրական եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հետագայ աշխուժացման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ միջխորհրդարանական կապերու ամրապնդման խնդիրներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment