Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՄԱԿ-ը կը Մեկնարկէ Նոր Նախաձեռնութիւն, Հայաստանի Մէջ Covid-19-էն Տուժած Բնակչութեան Աջակցելու Համար

ՄԱԿ-ը կը Մեկնարկէ Նոր Նախաձեռնութիւն, Հայաստանի Մէջ Covid-19-էն Տուժած Բնակչութեան Աջակցելու Համար

by MassisPost

ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակը, 1 միլիոն տոլար հաւաքագրած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի՝ «Վերականգնուիլ աւելի ուժեղ» հիմնադրամէն Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի ընկերա-տնտեսական հետեւանքները լուծելու համար, օգտագործելով առկայ բազմոլորտային արձագանգը: Այս մասին կը յայտնէ ՄԱԿ-ի  համաշխարհային հաղորդակցութիւններու վարչութիւնը:

Ծրագիրը նպատակ ունի աջակցիլ Հայաստանի կառավարութեան եւ հայ ժողովուրդին, յատկապէս արձագանգելով Հայաստանի մէջ առաւել խոցելի բնակչութեան կարիքներուն, ներառեալ՝ հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներու ընտանիքներուն, միայնակ մայրերուն, մեծահասակներուն, ընտանեկան բռնութիւն վերապրած անձանց, առաջնագիծ աշխատողներուն, տեղահանուած մարդոց եւ աշխատանքային գաղթականներուն, ինչպէս նաեւ համավարակէն տուժած փոքր ձեռնարկատիրութիւններուն:

«ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի անձնակազմը ջանք չի խնայեր մշակելու արդիւնաւէտ համագործակցութիւն, որ կ’օգնէ ամրապնդելու Հայաստանի կառավարութեան կարողութիւնները եւ ուղղակիօրէն կ’արձագանքէ ՔՈՎԻԴ-19-ի ազդեցութեան հանդէպ առաւել խոցելի խումբերու եւ համայնքներու խնդիրներուն, համոզուելով, որ որեւէ մէկը չանտեսուի», – Covid-19-ի արձագանքի շուրջ Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի անձնակազմի եւ կառավարութեան քննարկման ժամանակ ըսած է Շոմպի Շարփը:

«Կառավարութեան անունից շնորհակալութիւն եմ յայտնում ՄԱԿ-ին` այս դժուար պահին Հայաստանի կողքին լինելու համար, ինչպէս նաեւ բարձր եմ գնահատում ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի հետ ստեղծուած կառուցողական համագործակցութիւնը: Բոլորիս նպատակը մէկն է` արդիւնաւէտ կերպով պայքարել համավարակի դէմ եւ հնարաւորինս մեղմել դրա ընկերա-տնտեսական հետեւանքները», -ընդգծած է փոխ վարչապետ Մհեր Գրիգորեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment