Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանն ու Ընտանիքի Անդամները Ապաքինուած են

Փաշինեանն ու Ընտանիքի Անդամները Ապաքինուած են

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ու իր ընտանիքի անդամները ապաքինուած են: Այս մասին Հայաստանի վարչապետը յայտնած է Ֆէյսպուքի իր էջով:

Վարչապետը գրած է, որ այսօր՝ Յունիս 8-ին, ստացած են կրկնակի հետազօտութեան պատասխանները եւ բոլորինը բացասական են: Բացասական պատասխաններ ստացած են նաեւ երէկ:

«Ի հարկէ, մեր վարակուելու ժամկէտները եւ հանգամանքները պէտք է որոշակիօրէն վերանայենք: Բայց այս պահին կարեւոր է, որ մենք բոլորս առողջ ենք։ Ես վերադառնում եմ լիարժէք աշխատանքի», – գրած է Փաշինեան:

Վերջին մէկ օրուայ ընթացքին Հայաստան գրանցուած է «Քորոնա» ժահրի 195 նոր դէպք։ Ապաքինուած է 85 եւ մահացած՝ 11  անձ

Վերջին մէկ օրուայ ընթացքին, վարակուածներուն թիւը քանի մը անգամ քիչ է նախորդ օրերէն։ Պատճառն այն է, որ երէկ՝ Յունիս 7-ին, չէ գործած հետազօտութիւններու մեծ մասը կատարող առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը։ Կեդրոնը չէ աշխատած ախտահանման պատճառով։

Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով, երէկ հետազօտուած է 829 մարդ, իսկ նախորդ օր կատարուած էր եռակի անգամ աւելի հետազօտում։ Նախորդ մէկ օրուայ մահացած 11 հիւանդներէն 5-ը տղամարդ էր, 6-ը կին։ Անոնցմէ երիտասարդը 52, իսկ տարեցը 88 տարեկան էր։ Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումէն ի վեր վարակուած է 13325 մարդ, անոնցմէ 4099-ը ապաքինուած է, իսկ 8943 մարդ դեռ կը բուժուի։

Համաճարակաբան Արման Պատալեան «Ազատութեան» հետ զրոյցին, անդրադառնալով օրեցօր աճող թիւերուն, կը շեշտէ, թէ շատ բան մարդոցմէ կախեալ է, թիւը իջեցնելու համար պէտք է պահպանել կանոնները։

«Մեր ձեռքերում է, որպէսզի կարողանանք այդ թիւն իջեցնել, եւ այդ դէպքում էլի ինքը իրական կը լինի մինչեւ երբ, բայց այդ մինչեւ երբը, էդ ճանապարհը ուղղակի դանդաղ կը գնանք, եւ մեր առողջապահական համակարգը կը փորձի հասցնել: Քանի որ այսօր տեսնում ենք արդէն բաւական ծանրաբեռնուում է, միաւոր ժամանակում հիւանդանում են մեծաթիւ քանակ, դրանց շրջանում է տոկոսային մեծահասակ քրոնիկ հիւանդութիւններով, եւ առողջապահական համակարգը չի հասցնում: Հիմա սա ինչքանով է լուրջ, ինչքանով է վտանգ, մահաբերութիւն, մահացութիւն, այս տուեալները անընդմէջ որոշում ենք, բայց մէկ է ունենք այն, ինչ ունենք, եւ ամէն ինչ պէտք է անենք, որ այս հաղորդակիցները քչանան եւ փորձենք օգնել, որպէսզի մեր առողջապահական համակարգն անցնի այս ամէն ինչով», – նշեց համաճարակաբանը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան օրերս յայտարարեց, թէ 200 մարդ կը սպասէ հիւանդանոց փոխադրուելու իր հերթին, քանի որ հիւանդանոցները գերծանրաբեռնուած են։

Վարչապետ Փաշինեան իր էջին վրայ վկայակոչած էր որոշ տուեալագիտական վերլուծութիւններ, ըստ որոնց՝ Հայաստան այս պահուն 100 հազարէն աւելի վարակակիր կայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment